ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 20 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ Տեարք Թորոս Քէչէճեան ու Վահան Պզտիկեան։
Սոյն այցելութիւնը շարունակութիւնն էր Ազգ. Առաջնորդարան Հիւպատոսին Մայիս ամսուան տուած այցելութեան։ Ընթացիկ տարւոյս սկիզբին որպէս Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս նշանակուած Տիար Իպրահիմ, Առաջնորդ Սրբազանին հետ իր երրորդ հանդիպումն էր որ կ՛ունենար։
Հանդիպումի ընթացքին խօսակցութիւնները ընդհանրապէս կեդրոնացան Միջին Արեւելքի մտահոգիչ դէպքերուն եւ մասնաւորապէս Լիբանանէն ներս թէ դուրս ապրող Լիբանանցիներուն ընդհանուր կացութեանց շուրջ։ Իր կարգին Առաջնորդը վերահաստատեց հայութեան կապուածութեան եւ ամուր կապին որ կը տիրէ հայութեան եւ Լիբանանեան ժողովուրդին ու հայրենիքին միջեւ։ Միաժամանակ Արեւմտեան Միացեալ նահանգներ ապրող լիբանանցի հայ համայնքին անունով զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան հայրենիքի խաղաղութեան եւ համերաշխ գոյակցութեան ճիգերուն եւ Ազգ. Առաջնորդարանին անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու ապագայ ծրագիրներուն յաջողութեան։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց գլխաւոր հիւպատոսին ցարդ տարած շինիչ եւ օգտակար աշխատանքներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ներկայ ու ապագայ ծրագիրներուն։
Հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտի մէջ եւ սերտ գործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը երկու համայնքներուն միջեւ շարունակելու առաջադրանքով։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022