Ընդառաջելով Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Տաճարի հոգեւոր տեսուչին, հովիւին, հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 2 Մարտ 2016ին նախագահեց Տաճարի Միջինքի արարողութեան ու անոր յաջորդած պահքի ճաշկերոյթին:
Առաւօտուն, տեղի ունեցաւ Արեւագալի ժամերգութիւն. Առաջնորդ Սրբազանին աղօթակից էին հոգեւոր տեսուչը՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան: Հաւատացեալներուն կողքին, ներկայ էին Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը՝ Տիար Դաւիթ Ղուկասեան, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:
Իր հոգեւոր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը հաւատացեալները հրաւիրեց խորհրդածելու Մեծ Պահքի պատգամներուն մասին, նշելով, որ Միջինքը այս ժամանակաշրջանին կէսը նշող հանգրուանն է, հրաւիրուած ենք ինքնաքննարկում կատարելու եւ տեսնելու, թէ որքանո՞վ կրցած ենք անսալ խոնարհութեան, բարեսրտութեան եւ հոգեւոր վերանորոգութեան թելադրանքներուն: Ան շեշտեց, որ այս օրը պէտք է առիթ ըլլայ գործնապէս բարելաւելու մեր կենցաղը, Աստուծոյ հետ առաւել հաղորդակցութեան մէջ ըլլալու աղօթքով, մեր սէրը արտայայտելով հանդէպ Աստուծոյ ու մեզի նմաններուն, ինչպէս նաեւ բարի ծառայութիւն մատուցելով մեր համայնքին ու ազգին:
Արարողութենէն ետք, «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, հիւրընկալութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարի բարերարներէն Տիկին Գոհար Սիւլահեանի: Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը, գնահատեց տիկնանց միութիւնն ու շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան հիւրընկալ Տիկին Սիւլահեանին, ապա անգամ մը եւս կանգ առաւ Միջինքի ու Մեծ Պահքի խորհուրդներուն վրայ: Ճաշի պահուն, Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, տոհմիկ եւ ուրախ մթնոլորտ մը պարգեւելով ներկաներուն: