Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առթիւ


Ս. Յովհաննու Կարապետի՝ նախաշաւիղ մկրտչին յիշատակի տօնը, դարեր շարունակ ջերմեռանդ հաւատքի ներշնչումի առիթ եղած է Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ համար:

Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը Թեմիս համար կրկնակի ուրախութեան առիթ է, որովհետեւ անիկա Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան օրն է:

Աւանդութիւն դարձած քաղցր սովորութեան համաձայն, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական մեծ ընտանիքը այս տարի եւս, Կիրակի, 18 Յունուար 2015-ին, մեծաշուք հանդիսութեամբ, ժամերգութեամբ, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, յաւուր պատշաճի քարոզով ու սիրոյ սեղանի շուրջ տօնախմբութեամբ ապրեցաւ այս տօնը:

Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պատարագեց ու տօնին խորհուրդը վեր առնող իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն: Սեղանին կը սպասարկէին Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեանն ու եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, եկեղեցւոյ սարկաւագներ ու դպիրներ: Ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան, Ազգ. Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ անդամներ՝ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան ու Դոկտ. Գալուստ Ակոբեան, հոգաբարձական ու երեսփոխանական կազմերու անդամներ, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարն ու օծման կնքահայրը՝ Տիար Վահէ Կարապետեան եւ Տիկին Վերոնիք Մօնիք, եկեղեցւոյ Ս. Խորանի բարերարը՝ Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Հայկուհի Դաղլեան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի Տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեան, ինչպէս նաեւ գաղութի զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ ու բարերարներ:

Օրուան պատգամը բովանդակող, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի անձը դրուատող շարականին՝ “Ճրագ ճշմարտութեան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ, որ ծագեցաւ ի յերկրի, աղօթիւք սորա ողորմեա մեզ Տէր” բնաբանով, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ Լոյս Քրիստոս վկային, ճշմարտութեան ճրագ Մկրտչին անձը, յիշեցնելով թէ տօնը իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար հրաւէր մըն է լոյսի որդիներուս՝ Լոյսին վկաներ հանդիսանալու Յովհաննէս Մկրտչի օրինակով: “Բոլորս հաւատքով պէտք է Ճշմարիտին ու ճշմարտութեան, Արդարին ու արդարութեան վկաները դառնանք, հաւատքով տոկալու ամէն տեսակի դժուարութեանց: Անարդարութեամբ լեցուն, խաւարամած այս աշխարհի տաղտուկին մէջ, եկէք վերանորոգենք մեր լոյսի ուխտը, որովհետեւ պարտ է մեզ վկաներ հանդիսանալ Լոյս Քրիստոսին”, ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, եւ ապա Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին, կոչ ուղղեց մեր արդար իրաւունքներուն ձայնը լսելի դարձնելու աշխարհի ղեկավարներուն եւ յատկապէս ցեղասպանին, որպէսզի մեր նահատակներուն կտակը իրագործուի եւ ցեղասպանութեան ճանաչման ու այնուհետեւ մեր դատի հատուցման հասնինք, յանուն արդարութեան։ Պատգամի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց եկեղեցւոյ զաւակները եւ Ս. Յովհաննէսի բարեխօսութեան դիմելով, Տիրոջ ողորմութիւնը խնդրեց բոլոր հաւատացեալներուն համար:

Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եւ մատաղի օրհնութիւն. “Ամէն, Ալէլուիա” շարականին երգեցողութեամբ օրհնուեցան նուիրաբերուած մատաղը, որպէսզի բժշկութիւն եւ մեղքերու թողութիւն ըլլայ զայն ճաշակողներուն ու նուիրատուներուն:

ՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, “Կարապետեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական սիրոյ ճաշի հաւաքոյթը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ սեղանի օրհնութենէն ետք, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ներկայացուց յայտագիրը, շնորհակալութիւն յայտնելով Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի տնօրէնութեան եւ աշակերտութեան, որոնք ամէն տարի գեղարուեստական յայտագիրով կը ճոխացնեն ճաշի մթնոլորտը: Աշակերտներ հրամցուցին Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մասին վկայութիւններ, հայրենասիրական արտասանութիւններ ու ազգային պարեր:

Այս հանդիսութեան առիթով, եկեղեցին ունի նաեւ բարի աւանդութիւն մը՝ գնահատել եկեղեցւոյ բազմավաստակ անդամներ: Այս տարի, պատիւի արժանացաւ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքի վաստակաւոր ծառայողներէն ու նուիրեալներէն Տիար Կայծակ Զէյթլեան:

Տէր Հայրը հակիրճ կերպով ներկայացուց մեծարեալին կենսագրական գիծերն ու ազգանուէր վաստակը, ապա հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներու հետ նուիրեց գնահատանքի յուշատախտակ մը. գնահատագիրներ յանձնուեցան նաեւ պետական անձնաւորութիւններէ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներու կողմէ:

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ԳՆԱՀԱՏԱԳԻՐԸ Ապա, Տ. Վիգէն Աւ. Քահանայ բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, իր գնահատանքի խօսքը փոխանցելու։

Ներկաներուն պատգամ մը ուղղելով, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ Աւետարանը կը փոխանցէ, թէ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ աշխարհ առաքուած էր, մանաւանդ Աստուծմէ հեռացածները դարձեալ Աստուծոյ երկիւղին ու սիրոյն մօտեցնելու: Սուրբին կենաց պատգամը նաեւ այսօրուան մեր կեանքին ալ կը վերաբերի, եւ այսօր բոլորս հրաւիրուած ենք Ս. Յովհաննու Կարապետի յիշատակին տօնակատարութեան ընդմէջէն վերանորոգուելու եւ Աստուծոյ գիրկը դառնալու: Ան նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմը, տիկնանց միութեան անդամներն ու Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վրաժարանը իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար:

Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ կերպով գնահատեց օրուան մեծարեալը եւ յայտնեց, որ յանուն Ազգային Վարչութեան ու անձնապէս ուրախութիւն ունի գնահատագիր եւ օրհնութեան գիր մը շնորհելու, զոր Տէր Հայրը ընթերցեց։

Տիար Կայծակ Զէյթլեան, խորապէս զգացուելով իրեն ընծայուած պատիւներէն, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ բոլոր ներկաներուն, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ մտածում մը փոխանցեց հարիւր զոյգերով ուխտագնացութիւն մը կազմակերպելու Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ:

Սրբազան Հայրը գնահատելով այս մտածումը, կոչ ուղղեց բոլորին՝ մասնակցելու Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով նախատեսուած Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան՝ Յուլիս 18-ին, Պիքֆայա-Լիբանան։

Տօնական այս ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ “Պահպանիչ” աղօթքով ու “Կիլիկիա” մաղթերգով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022