Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով – Տիար Դաւիթ Երէցեան եւ Փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեան Գնահատանքի Արժանացան


Շաբաթ, 14 Յունուար 2017ին, մեր եկեղեցին յիշատակեց Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնը: Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 15 Յունուարին, Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան եւ Տ. Հրանդ Աւ. Քհնյ. Երէցեան: Ներկաներուն շարքին էր Արցախի Ազգային Ժողովի անդամ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Տիար Արմէն Սարգսեան, որ Լոս Անճելըս կը գտնուէր՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 126-ամեակի տօնակատարութեան իբրեւ բանախօս: Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Խաժակ Տիքիճեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիար Զարեհ Սինանեան, Հ.Յ.Դ.-ի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, ՀՕՄ-ի, Տարօն Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան, «Րաֆֆի» Ռումանահայ Մշակութային եւ Հայրենակցական Միութեան, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ բարերարներէն՝ Տիար Վահէ Կարապետեան եւ Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Հայկուհի Տաղլեան, Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոսի տնօրէնուհի Դոկտ. Ալինէ Դուրեան, եկեղեցւոյ երեսփոխանական կազմի, հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան, Կիրակնօրեայ Վարժարանի ներկայացուցիչներ եւ բազնաթիւ հաւատացեալներ:

Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանը տօնին խորհուրդը վեր առնող իր պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն: Ան նախ փառք եւ գոհութիւն տուաւ ամենակալ Աստուծոյ, աղօթք բարձրացնելով, որ իւրաքանչիւր նուիրեալի կեանքը, իբրեւ հաւատարիմ, ազնիւ եւ պարկեշտ զաւակ՝ Իր կամքին համաձայն առաջնորդէ եւ խաղաղութեան, սիրոյ ու հաճութեան սերմերը ցանէ անոնց սրտերուն մէջ, ապա, շնորհաւորանքի ու ողջոյնի խօսք ուղղեց Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ համայնքի մեծ ընտանիքի անդամներուն, հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, երեսփոխաններուն, Տիկնանց միութեան անդամներուն, սարկաւագներուն եւ բարերարներուն, մասնաւորապէս եկեղեցւոյ բարերար կնքահօր՝ Տիար Վահէ Կարապետեանին եւ Ս. խորանի բարերարին՝ Տիար Յակոբ Տաղլեանին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի վարքին ու առաքելութեան, եւ շարականագիրին բառերը մէջբերելով՝ ըսաւ. «Երկինքէն մեզի օգնութեան հասի՛ր ո՜վ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ, դո՛ւն, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարգարէ, առաքեալ, կարապետ եւ մկրտիչ ես. մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Քրիստոսի մօտ բարեխօս եղի՛ր»։ Ան ըսաւ, որ Յովհաննէս Մկրտիչ Հին Կտակարանէն դէպի Նոր Կտակարան առաջնորդող կարապետը եղաւ, անապատին մէջ արդարութեան եւ Աստուծոյ արքայութեան գովքը բարբառող ձայնը եղաւ, որ ժողովուրդը փրկութեան ճանապարհ առաջնորդեց եւ Յորդանան գետին մէջ մկրտեց։ «Ան յաւիտենական թագաւորութեան նախակարապետը եւ ճամբայ պատրաստողը եղաւ, արդարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ուսուցանող ուսուցիչն ու ուղղիչ ձայնը եղաւ։ Ան Ս. Հոգիով լեցուեցաւ եւ Աստուծոյ աչքին մեծ եղաւ իր հնազանդութեամբ, համեստութեամբ եւ պարկեշտութեամբ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը կեդրոնացած էր Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի վարքը յատկանշող երեք հիմնական մտածումներու վրայ. «Առաջին՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ ո՛չ միայն խոնարհ եւ համեստ կեանք մը ապրեցաւ, այլեւ ամբողջ կեանք մը նուիրեց Քրիստոսի փառքը հիւսելու. երկրորդ՝ քրիստոնէական պարկեշտութեամբ լծուեցաւ արդարութեան եւ ճշմարտութեան գործին, եւ երրորդ՝ Ս. Հոգիով զօրացած Աստուծոյ կամքին հնազանդութեամբ առաջնորդուեցաւ», նշեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ հաւատացեալները յորդորեց Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի օրինակով Աստուծոյ հնազանդ եւ խոնարհ զաւակները ըլլալ, Ս. Հոգիով լեցուիլ եւ լոյս տարածել իրենց ընտանիքին եւ զաւակներուն ու շրջապատին մէջ, հայցելով սուրբին բարեխօսութիւնը։

Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եւ մատաղի օրհնութիւն. «Ամէն, Ալէլուիա» շարականին երգեցողութեամբ, օրհնուեցաւ նուիրաբերուած մատաղը, որպէսզի բժշկութիւն եւ մեղքերու թողութիւն ըլլայ զայն ճաշակողներուն ու նուիրատուներուն:

ՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԵՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական սիրոյ ճաշի հաւաքոյթը։

Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը: Հիւրընկալ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։ Կիրակնօրեայ վարժարանի եւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի աշակերտները, ինչպէս ամէն տարի, այդ օրն ալ գեղարուեստական յայտագիրով ծաղկեցուցին մթնոլորտը: Աշակերտներ հրամցուցին Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մասին վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական արտասանութիւններ, երաժշտութիւն ու ազգային պարեր մատուցեցին:

Անուանակոչութեան տօնին առիթով, եկեղեցին ունի բարի աւանդութիւն մը՝ գնահատել եկեղեցւոյ բազմավաստակ անդամներ ու գաղութին ծառայողներ: Այս տարի, պատիւի արժանացան եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքի վաստակաւոր ծառայողներէն ու նուիրեալներէն՝ բազմավաստակ երաժիշտ Փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեան ու Հոլիվուտի հայութեան վաստակաւորներէն՝ Տիար Դաւիթ Երէցեան։

Տէր Հայրը ներկայացուց Փրոֆ. Լեւոն Աբրահամեանը, որ տարիներէ ի վեր եկեղեցւոյ երգեհոնահարն է: Ան գնահատագիրի մը արժանացաւ հոգաբարձութեան կողմէ: Ապա՝ ներկայացուց Տիար Դաւիթ Երէցեանի կենսագրական գիծերն ու ազգանուէր վաստակը: Հոգաբարձութիւնը յուշատախտակ մը նուիրեց Տիար Դ. Երէցեանի։

Տիար Դաւիթ Երէցեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան։ Անոր դուստրը՝ Լարա Երէցեան-Մանուէլեան քանի մը վկայութիւններ տուաւ իր հօր մասին։

Տ. Վիգէն Աւ. Քահանայ բեմ հրաւիրեց Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, որ արտասանեց սրտի խօսք մը եւ շեշտեց անսակարկ, անշահախնդիր եւ գիտակից ծառայութեան կարեւորութիւնը։

Այնուհետեւ, Քահանայ Հայրը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր գնահատանքի խօսքերը ուղղեց։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնութեան ու գնահատանքի գիր մը շնորհեց Տիար Դ. Երէցեանի. Տէր Հայրը ընթերցեց օրհնութեան գիրը, որուն մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը մասնաւորաբար նշած էր. «Տիար Դաւիթ Երէցեանը ճանչցած ենք իբրեւ լուսարձակներէ հեռու ծառայող հայորդի մը, որ սկսելով Պէյրութէն, մինչեւ մեր ափերը, եւ յատկապէս հայկական Հոլիվուտը, անսակարկ կերպով նուիրուած է մեր հաւաքական կեանքին: Եղած է հայ դպրոցի հոգաբարձու, Հ. Յ. Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ, յանձն առած է նաեւ պատասխանատու պաշտօններ: Հայ Դպրոցն ու Հայ Դատի աշխատանքի դաշտերը եղած են իր հոգածութիւնն ու ծառայութիւնները ընդունող գլխաւոր մարզերը, իսկ Ակումբին դրացնութիւնը եւ գործակցութիւնը վայելող հայկական որեւէ միաւոր ունեցած է իր զօրակցութիւնն ու գուրգուրոտ վերաբերմունքը»:

Տօնական ձեռնարկը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով ու «Կիլիկիա» մաղթերգով:

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏԻԱՐ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի Ազգային Ժողովի անդամ եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Տիար Արմէն Սարգսեանի հետ, հանդիպման ներկայ էր Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան: Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Արցախի նորագոյն իրադարձութիւններն ու իշխանութիւններուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ստեղծուած կացութիւնները դիմագրաւելու միջոցներուն մասին տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում: Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով վերահաստատեց Արցախի պետութեան ու ժողովուրդին կողքին կանգնելու մեր Թեմին վճռակամութիւնը եւ մաղթեց, որ մեր հայրենիքին անբաժան մէկ մասը եղող Արցախը երթը շարունակէ խաղաղութեան մթնոլորտի մէջ ու ընթանայ դէպի բարգաւաճում:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022