Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առթիւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ Մատաղօրհնէք


Եկեղեցիներու անուանակոչութեանց օրերը իրենց իւրայատուկ պատգամով հոգեկան գոհունակութիւն եւ ներքին խանդավառութիւն կ’ընծայեն ծխական համայնքին։ Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ հայրապետի խոր վիրապ մուտքի տօնին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծխական համայնքը այս տարի եւս տարիներու սովորութեան համաձայն փառաշուք կերպով տօնախմբեց իր եկեղեցւոյ անուան տօնը։ Այս առթիւ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Սան Ֆրանսիսքոյի ծխական համայնքը այցելեց, մասնակից դառնալու հաւատացեալներուն ուրախութեան եւ նախագահելու տօնախմբութեան։

Արդարեւ, Շաբաթ, Մարտ 21, 2015-ի երեկոյեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք մը, որուն նպատակն էր խորհրդակցական ժողով-հանդիպում մը ունենալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ։ Ներկայ էին Երեսփոխաններ, Հոգաբարձուներ, Տիկնանց Միութեան անդամուհիներ եւ Հ.Յ.Դ. Քրիստափոր Կոմիտէի ներկայացուցիչը։

Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանը խօսք առնելով, ողջունեց Սրբազան Հօր ներկայութիւնը ծխական համայնքին մէջ, անոր առողջ կեանք, բեղուն գործունէութիւն եւ յաջող առաքելութիւն մաղթեց, յառաջիկայ բոլոր ձեռնարկներուն եւ տօնախմբութիւններուն, յատկապէս՝ ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս։ Ապա, խօսք առաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեան, որ ողջունեց Սրբազան Հօր ներկայութիւնը եւ օրհնաբեր այցելութիւնը։ Տէր Հայրը դիտել տուաւ որ 100-ամեակի սեմին, հաւաքաբար, բաւական աշխատանք ունինք տանելիք, արժանաւորապէս նշելու մեր նահատակներուն յիշատակը, ուստի, հրաւիրեց բոլորը իրենց մասնակցութիւնը բերելու, համագործակցաբար, բոլոր ձեռնարկներուն։ Հ.Յ.Դ. Քրիստափոր կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարանդ Գասպարեան, իր բարի գալուստի խօսքով շեշտեց կարեւորութիւնը նմանօրինակ այցելութեանց եւ անոնց յաճախակիութեան, որոնք կը գօտեպնդեն ծխական համայնքիս գործունէութիւնը։ Նոյնպէս՝ Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի՝ Տիկին Անօ Չաքալեան նոյն ցանկութեան ձայնակցելով, Սրբազան Հօր բարի գալուստ եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց։

Իր օրհնութեան խօսքով Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց բարեմաղթութիւններուն համար եւ դիտել տուաւ, որ ծխական համայնքներու այցելութիւնները միշտ առաջնահերթութիւն ունեցած են, որոնք աւելի յաճախակի պիտի ըլլան։ Առաջնորդ Սրբազանը ընդհանուր գիծերու մէջ ամփոփեց մեր վարչական կառոյցը, մարմիններու կապն ու յարաբերութիւնը, Երեսփոխանական ժողովի, Խառն ժողովի, Կրօնական ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Հոգաբարձութեանց կանոնագրային յարաբերութիւններն ու պարտականութիւնները, միեւնոյն ատեն նշեց, թէ այս տարի, Արեւմտեան մեր Թեմը յատուկ յանձնառութիւն ունի 100-ամեակի ծիրէն ներս ոգեկոչական համազգային ծրագիրներուն, որոնք նաեւ նիւթական մասնակցութեան կարեւոր մէկ բաժին ունին։ Ուստի, դիմելով բոլորին համագործակցութեան, Սրբազան Հայրը վստահեցուց, որ ինչպէս անցեալին, անգամ մը եւս այս պատմական հանգրուանը յաջողութեամբ պիտի պսակենք։ Անդրադառնալով հոգաբարձական կազմերու դիւաններուն յառաջիկայ խորհրդակցական ժողովին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը յիշեցումներ եւ նշումներ կատարեց անդամական ժողովներուն գումարման եւ անոնց առնչուած կանոնագրային տրամադրութիւններուն, ապա հանգամանօրէն ներկայացուց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ծրագիրները ընդհանուր գիծերու մէջ։

Կիրակի, 22 Մարտ 2015-ը, ծխական համայնքի զաւակներուն համար եղաւ հոգեպարար օր մը, հաւատացեալները մասնակից եղան Ս. Պատարագին, զոր մատուցանեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ փոխանցեց օրուան պատգամը ու կատարեց մատաղօրհնէքը։

Քարոզի պահուն Սրբազան Հայրը նախ փառք ու գոհութիւն յայտնեց ամենակալ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի փառահեղ տօնակատարութիւնը աւանդաբար կը կատարուի, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի ուխտի օրուան տօնակատարութեան հետեւողութեամբ, ապա ողջունեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Խորէն Աւ. Քհնյ. Հապէշեանը, առողջութիւն մաղթելով իրեն, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան անդամները, Երեսփոխանները, Տիկնանց Միութեան անդամուհիները, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը, Գ. Զ. Վ. վարժարանը, գաղութի կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Մեր հաւատոյ հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի կրած տանջանքներուն ու նեղութիւններուն անդրադառնալով Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, թէ հայ ժողովուրդը եւս նոյն հաւատքով կրած է բազմապիսի տանջանքներ, Քրիստոնէական հաւատքին պահպանման համար։ Ապրիլեան նահատակները Քրիստոսի Յարութեան տեսլականով, ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի վիրապի տանջանքներուն վրայ իր տարած յաղթանակին ու Քրիստոնէութեան մեր լոյս հաւատքին կառչելով նահատակուեցան մեր ազգութեան համար։ Սրբազան Հայրը նաեւ շեշտեց, թէ “մենք կը յիշենք մեր նախահայրերուն թողած կտակը, եւ հաւատարիմ կը մնանք անոր, եւ երբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին կը յարգենք յիշատակը մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, պէտք է վերանորոգենք մեր եկեղեցական ու ազգային ուխտը։ Մարտահրաւէրներ պէտք չէ մեզ շեղեն մեր աւանդութիւններէն ու սովորութիւններէն։ Այս տօնին առթիւ, կը վերահաստատենք մեր ուխտը, ըլլալու ճշմարիտ ու հաւատարիմ ժառանգորդներ մեր նախնիներուն եւ քաջալեր հանդիսանալ եկեղեցական թէ ազգային բոլոր կառոյցներուն, որպէսզի իրենց կարգին, անոնց նուիրեալները նոր սերունդներուն փոխանցեն աւանդներն ու ժառանգութիւնները”։

Ապա անդրադառնալով օրուան ճաշու Աւետարանին Փարիսեցիներուն ու Դպիրներուն կեղծ վարքին մասին խօսուած “Վա՜յ”երուն, ան հրաւիրեց ժողովուրդը հետեւելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի վարքին, որ իր գործերով ցոյց կու տար իր հաւատքը եւ իր կեանքը ամբողջութեամբ յանձնած էր Քրիստոսի ու Անոր ուսուցումներուն։ “Ամիս մը վերջ մեր նահատակները պիտի սրբադասուին եւ մեզի համար բարեխօսներ պիտի հանդիսանան առ Աստուած։ Աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ մեր հաւատքը նոյնչափ ամուր ու տոկուն պահէ, Իր փառքին ու Հայց. Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ պայծառացման համար”։ Ապա Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս համայնքը շնորհաւորեց Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ։

Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ եւ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Աւարտին, ներկայ հաւատացեալները երգեցին “Կիլիկիա” մաղթերգը եւ “Մեր Հայրենիք”ը եւ Առաջնորդ Սրբազան հօր արձակման օրհնութիւնը ստացան։

Ապա, եկեղեցւոյ կից “Վասպուրական” սրահին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նախագահեց ողջերթի մտերմիկ հիւրասիրութեան մը, ի պատիւ՝ Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Երանուհի Կարապետեաններուն, որոնք ծխական համայնքէն կը մեկնէին ուրիշ նահանգ, միանալու իրենց զաւկին ու թոռներուն։ Պրն. Յակոբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկարամեայ նուիրեալ եղած է, իսկ Տիկին Երանուհի բազմամեայ վաստակ ունեցող դաստիարակ եւ Գ.Զ.Վ. վարժարանի տնօրէնուհի։ Երկուքն ալ մնայուն ներկայութիւն եղած են Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքին մէջ։ Այս առթիւ, յաջորդաբար խօսք առին՝ Հոգաբարձութեան ատենապետը, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւը եւ Տիկին Երանուհի Կարապետեան, որոնք փոխադարձ երախտագիտութեամբ արտայայտուեցան։ Ապա, ինքնաբուխ կերպով Ժիրայր եւ Խաժակ Սարգիսեան եղբայրներու առաջնորդութեամբ «Ցտեսութիւն» ողջերթի երգը խմբովին երգուեցաւ, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով բարի ճանապարհ մաղթեց Կարապետեան ամոլին, նշելով թէ բաժանում մը չէ այս, այլ ցտեսութիւն մըն է միայն, մինչ նոր հանդիպում։

Յիշատակելի շաբաթավերջը աւարտեցաւ հոգեկան խոր գոհունակութիւն տալով ծխական համայնքին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022