Մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, 10 Մարտ 2018ը տօնն է վասն քրիստոնէական հաւատքի նահատակուած քառասուն զինուորներուն, որոնք ճանչցուած են Քառասուն Մանկունք անունով, որոնց բարեխօսութեան կը դիմեն հաւատացեալներ աղօթքով։
Այս առիթով, Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին Կիրակի, 11 Մարտին պիտի տօնէ իր անուանակոչութեան օրը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր.
buy cialis professional online www.ecladent.co.uk/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/cialis-professional.html no prescription
Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ, պիտի ուղղէ նահատակներուն անսասան հաւատքէն բխող պատգամ մը, իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի, «Ղուկասեան» սրահին մէջ պիտի կատարէ մատաղօրհնէք։
Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու արարողութեանց եւ հաղորդուելու քառասուն նահատակներուն անժամանցելի պատգամով։