Լոս Անճելըս իր առաջին այցելութեան առիթով, Կիրակի, 28 Հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրէ ետք, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Տիար Հայկակ Արշամեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունուեցաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ներկայացուցիչներու կողմէ։ Հայրենի հիւրին կ’ընկերանար Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի գործադիր տնօրէնը՝ Տիար Սարգիս Գոթանճեան։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին, ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան եւ Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան, անդամներ՝ Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան, Տեարք Աւօ Քէշիշեան, Րաֆֆի Գույումճեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներ։
Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց եւ յատկապէս շնորհաւորեց Տիար Արշամեանի նշանակումը՝ Հ. Հ. Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէնի պաշտօնին, եւ վերահաստատեց Ազգային Առաջնորդարանի, մեր Թեմի բարերարներուն, ծխական շրջաններուն ու վարժարաններուն զօրակցութիւնը՝ Հիմնադրամի հայրենանուէր գործին։ Սրբազանը մաղթեց նաեւ որ հիմնադրամը թափանցիկ գործունէութեամբ պիտի շարունակէ հայրենաշէն ծրագիրներու յաջող իրագործումը։
Ազգային Վարչութեան ատենապետը եւս ողջունեց Տիար Արշամեանը, գոհունակութիւն յայտնեց ծանօթացումի այս առիթին համար եւ վստահութիւն՝ որ հիմնադրամը իր ապագայ երթը պիտի շարունակէ անվհատ։
Տիար Գոթանճեան ներկայացուց նոր նշանակեալ տնօրէնին վաստակն ու ծառայութեան դաշտերը։
Տիար Արշամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալումին համար, նշելով որ իբրեւ պատմաբան՝ ուսումնասիրած է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան եւ Սիսի Կաթողիկոսութեան պատմութիւնն ու դերը, ապա վեր առաւ Սփիւռքի դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ մայր հայրենիքին համար ծրագրուած բոլոր աշխատանքներու յաջողութեան մէջ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հիմնադրամի անցեալի գործունէութեան, իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրներուն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, յատկապէս կեդրոնանալով արհեստագիտութեան մէջ երիտասարդութեան աւելի հմտանալու եւ մասնագիտանալու միջոցներ ընձեռելու կարեւորութեան վրայ, միշտ Հայաստան եւ Սփիւռք ձեռք-ձեռքի յառաջ ընթանալու նախանձախնդրութեամբ։
Առաջնորդ Սրբազանը բարի երթ մաղթեց յարգելի հիւրին իր նոր առաքելութեան մէջ եւ յաջողութիւն՝ Հիմնադրամի յառաջիկայ գործունէութեան, նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ Տիար Արշամեանի նշանակումով՝ Հիմնադրամը նոր շունչով ու թափով պիտի շարունակէ իր ծրագիրներու իրականացումը։
Հրաժեշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց հիւր պաշտօնատարին։