Առաջնորդ Սրբազանը ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի նոր նախագահին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 7 Օգոստոսի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցի նոր նշանակեալ նախագահին՝ Տիկին Ալիս Իսայիի, որուն կ’ընկերանար հիւանդանոցի փոխ նախագահը՝ Տիկին Ռամելա Մարգարեան։

Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, հանդիպումը վերածուեցաւ մտերմիկ զրոյցի։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց հիւրերը եւ շնորհաւորեց Տիկին Իսային՝ նոր պաշտօնին կոչումին առիթով։ Հիւր նախագահը եւ օգնականը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար, ապա, հակիրճ կերպով անդրադարձան իրենց նոր ծրագիրներուն եւ գաղութին հետ գործակցութեան հեռանկարներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ այն կապերուն ու գործակցութեան, որ տարիներու ընթացքին յարաճուն կերպով զարգացած են հիւանդանոցին ու Ազգային Առաջնորդարանիս միջեւ։ Ան յիշեց, որ ինք անձամբ կամ հոգեւոր հովիւներու միջոցով յաճախ ներկայութիւն եղած է հիւանդանոցին մէջ, մասնաւորաբար տօնական օրերուն։ Հիւանդանոցի յարկին տակ կատարուած են խաղողօրհնէքի եւ այլ աւանդական արարողութիւններ, նաեւ այցելութիւններ տրուած են հայ հիւանդներու, հոգեւոր ծառայութիւններ մատուցելու նպատակով։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ հիւանդանոցի բժշկական ու վարչական անձնակազմին մասին, ուր կարեւոր տեղ կը գրաւեն մեր համայնքի զաւակները եւ որոնք միշտ ալ բարի տրամադրութեամբ հիւրընկալած են զինք ու մեր հոգեւոր հայրերը։

Հիւր նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնեց նոր տարածք տալ Ազգ. Առաջնորդարանին ու հիւանդանոցին միջեւ գործակցութեան, նշելով, որ բոլորիս նպատակն է տարբեր միջոցներով ծառայել ժողովուրդին։

Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց նոր նշանակեալ նախագահը, փոխ նախագահը ու յաջողութիւն մաղթեց բոլոր գործակիցներուն առաքելութեան, եւ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու յաւելեալ գործակցութեան առաջարկին։

 

 

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022