Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին, Ազգային Առաջնորդարանը միացաւ աշխարհահռչակ երգիչ-արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի մահուան սուգին։ Ան տիտանեան երգիչ մըն էր, մարդասէր գործիչ ու Հայաստանի ազգային հերոս մը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած ծնողներու ժառանգորդ։
Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ցաւակցական գիր մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոս Քրիսթոֆ Լըմուանի։ Առաջնորդ Սրբազանը Ազնաւուրի մահը մեծ կորուստ նկատեց Ֆրանսայի, հայութեան ու երաժշտական աշխարհին համար, որովհետեւ ան բոլորէն սիրուած էր։ Ան նաեւ նշեց, որ կը սգանք կորուստը ոչ միայն արուեստագէտ երգիչի մը ու երգահանի մը, այլ նաեւ մարդասէր գործիչի մը եւ դիւանագիտական անձնաւորութեան մը, որ մեծ ներգործութիւն ունեցած է բազմաթիւ արուեստագէտներու եւ երաժշտասէրներու, եւ առհասարակ զանգուածներու վրայ, իր արուեստի արտայայտութիւններով ու մարդասիրական գործունէութեամբ։ Հայ ժողովուրդը յարգանքով կը խոնարհի անոր յիշատակին առջեւ, յատկապէս երախտապարտ ըլլալով, որ մեծ ծառայութիւն մատուցած է հայութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչումին ու Հայ Դատին։ «Շարլ Ազնաւուր էր ու պիտի մնայ տիտան մը, ու վստահ ենք որ անոր արուեստի ու մշակութային աւանդը պիտի ապրի տասնամեակներ շարունակ», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով, Կիրակի, 7 Հոկտեմբերին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք պիտի բարձրացուի արուեստագէտին յիշատակին։
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ս.
buy cialis pack online herbalshifa.co.uk/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/cialis-pack.html no prescription
Պատարագին եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
Թող Աստուած օրհնէ հանգուցեալ արուեստագէտին ժառանգութիւնն ու մխիթարութիւն պարգեւէ հարազատներուն։