Ուսումնական 2017-2018 տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին եւ վերջին երկու շաբաթներուն, մեր վարժարանները ունեցան ամավերջի եւ վկայականաց բաշխման հանդէսներ, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը անձամբ կամ ներկայացուցիչներով, ինչպէս նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ ներկայ եղան հանդէսներուն։ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը ուղղուած 2018-ի շրջանաւարտներուն լոյս տեսաւ մամուլի մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ հետեւեալ հանդէսներուն եւ շրջանաւարտներն ու անոնց հարազատները շնորհաւորելով՝ ուղղեց իր հայրական պատգամը։
ՀՕՄ-Ի «Ա. ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐ
Շաբաթ, 2 Յունիսին, տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի ամավերջի հանդէսը՝ Էնսինոյի «Աւետիսեան» սրահին մէջ։ Հանդէսը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ամեակներուն։ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան կատարեց բացման աղօթքը, ուսուցիչներէն Տիկին Անի Քէշիշեան արտասանեց ողջոյնի խօսք, իսկ մանկամսուրի վարիչուհին՝ Օր. Վեհիկ Գաբրիէլեան փոխանցեց իր պատգամը։ Մանուկները ներկայացուցին երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով ճոխացած յայտագիր մը։
Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ դաստիարակներուն նուիրեալ ծառայութեան մասին, շեշտելով, որ մանուկներուն ներկայացուած յայտագիրը ցոլացումն է հայեցի ու ազգային դաստիարակութեան, հայու ոգիին որուն հիմքը կը կազմեն հաւատքը, արիութիւնն ու մեր սրբազան հայրերուն եւ հերոսներուն նուիրագործած ազգային ինքնութիւնը։
«Վ. ԵՒ Ա. ՇԱՄԼԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ
Շաբաթ, 9 Յունիսին, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի մանկապարտէզը ունեցաւ իր հանդէսը՝ վարժարանի «Աբգարեան» սրահին մէջ։ Ամերիկեան, Հայկական ու վարժարանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ուսուցչուհիներէն Տիկին Անուշ Կարապետեան։
Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը։ Ան դրուատեց հայ վարժարանի եւ մանաւանդ Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի առաքելութիւնը, որուն նպատակն է հայեցի դաստիարակութիւնը, աշակերտներուն մտքի հասունացումն ու ազգային գիտակցութեան ճշմարիտ եւ հարազատ կնիքի հաստատումը մատղաշ սերունդներուն գիտակցութեան ու հոգիին մէջ։ «Հայ Վարժարանը մեր աշակերտներուն սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ կը ցանէ այն սերմերը, որոնք եկած են մեր հաւատքի ակունքներէն, մշակոյթի աղբիւրէն ու ազգային պատմութենէն», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը ու շնորհաւորեց շրջանաւարտները, զանոնք կոչելով «անկախութեան սերունդ»ի շրջանաւարտներ, որոնք բարձր թռիչքով, հայու հոգիով, հայու առաքելութեամբ ու հայու հպարտութեամբ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը, հայ վարժարանին մէջ։
Սրտի խօսքեր արտասանեցին վարժարանի տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան եւ Ուսումնական Մարմինի անդամներէն Տիար Արթին Ղազարեան։ Վկայականներու բաշխումէն ետք, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան կատարեց փակման աղօթքը։
«Ռ. ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐ-ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ
Նոյն օրը, Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականներու բաշխումը։ Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման աղօթքը կատարեց Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան։ Վարիչուհին՝ Տիկին Արսինէ Աղազարեան ողջունեց ներկաները։ Խօսք առաւ վարժարանի Ուսումնական Մարմինի անդամներէն Տիար Արթին Շահվէրտեան։
Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը։ Ան շնորհաւորեց մանուկներուն ծնողներն ու հարազատները, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ վստահութիւն ունին հայ դպրոցի առաքելութեան վրայ, օրհնեց վարժարանի գլխաւոր բարերարները՝ Տէր եւ Տիկին Ռալֆ եւ Սաւի Թիւֆէնքեան ամոլը, որ հետեւողական կերպով հոգածու վերաբերմունք կը ցուցաբերէ վարժարանին նկատմամբ, գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարիչուհիին ու դաստիարակներուն մասին, որոնք ամբողջ տարին աննահանջ կը շարունակեն իրենց սերնդակերտ առաքելութիւնը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով որ մանուկները աճին Աստուծոյ շնորհքով եւ տոգորուին հայկականութեամբ։ Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ ծնողա-օժանդակ մարմինի անդամներէն Տիկին Ալին Եփրեմեան, իր բազմամեայ ծառայութեան համար։ Աշակերտները ներկայացուցին երգեր ու պարեր, ապա, շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
«Ռ. ԵՒ Ա. ՓԻԼԻՊՈՍ» ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Կիրակի, 10 Յունիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս երկրդ. վարժարանի 12-րդ կարգի աշակերտներու վկայականաց բաշխումի հանդիսութիւնը, վարժարանի «Թաշճեան» մարզասրահին մէջ։ Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդիսավար Այտա Պուլաթեան իր ողջոյնի խօսքը արտասանեց։ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին անունով խօսք առաւ Դոկտ. Հուրի Արսլանեան-Քէօրօղլեան։ Առաջնակարգ աշակերտները արտասանեցին սրտի խօսքեր։ Կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն եւ գնահատագիրներու տուչութիւն։ Գլխաւոր բանախօսն էր նախկին շրջանաւարտներէն Տոքթ. Անդրէաս Հինտոյեան։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը, որմէ ետք իր խօսքով հանդսէս եկաւ տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեան։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին գնահատեց դպրոցի տնօրէնուհին, կրթական մշակներն ու ծնողները, ի տես շրջանաւարտներուն, որոնք հպարտութիւն կ’առթեն համայնքին ու եկեղեցւոյ։ Ան խօսեցաւ, գիտութեան եւ ուսումի կողքին՝ բարոյական դաստիարակութեան կարեւոր նշանակութեան մասին, այնուհետեւ, իր պատգամը ուղղելով շրջանաւարտներուն, յորդորեց, որ տէր կանգնին հայ-քրիստոսեայ նկարագրին, անսան մեր նախահայրերու կտակին, մաքուր սիրտով ու հոգիով ընդառաջեն Հայ ազգի, եկեղեցւոյ եւ հայ վարժարանի բարգաւաճման աշխատանքներուն եւ ի վերջոյ, բարձր ու վեհ պահեն մեր հայրենիքին, ազգին, եկեղեցիին ու համայնքին անունը։
«Վ. ԵՒ Ա. ՇԱՄԼԵԱՆ» ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ ԵՒ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
Հինգշաբթի, 14 Յունիսի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, տեղի ունեցան Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի շրջանաւարտից հանդէսները՝ յաջորդաբար ժամը 4-ին եւ 6։30-ին։ Նախակրթարանի հանդէսին, իբրեւ Առաջնորդ Սրբազանին ներկայացուցիչը՝ ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեան եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին շնորհաւորանքն ու օրհնութիւնները։
Միջնակարգի հանդէսին ներկայ եղաւ Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի։ Ներկայ էին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկացուցիչները, վարժարանի պատասխանատուներն ու շրջանաւարտներու հարազատները։ Հանդէսը ունէր ճոխ յայտագիր մը. 12 աշակերտներ ուղերձներ արտասանեցին, գլխաւոր բանախօսն էր վարժարանի 1999-ի շրջանաւարտներէն Տոքթ. Շարլին Գեօզալեանց, իսկ գնահատագիրներու եւ վկայականներու բաշխումէն ետք, սրտի խօսք մը արտասանեց տնօրէնուհին՝ Դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, որ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը ուղղելու իր պատգամը եւ օրհնելու շրջանաւարտները։
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց շրջանաւարտները, ծնողներն ու վարժարանը, գնահատեց տնօրէնուհին ու դաստիարակները՝ այս իրագործումին առիթով, ու մեկնելով ուղերձներուն մէջ աշակերտներուն արտայայտած զգացումներէն ու խոստումներէն՝ շրջանաւարտները կոչեց Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակի սերունդ, յորդորեց սիրել հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը, ընկերներն ու ծնողները, իբրեւ արժանաւոր հայեր՝ բարձր պահել մեր արժէքները, հասակ առնել Աստուծոյ շնորհքներով, հետամուտ ըլլալ իրենց երազներուն իրականացման։ Նշելով, որ աշակերտները ծաղկեփունջեր նուիրած էին իրենց ծնողներուն, Առաջնորդ Սրբազանը եզրափակեց մաղթելով, որ իրենք ալ ապագային արժանի ըլլան իրենց զաւակներէն ծաղիկներ ընդունելու նոյն վարժարանի ամավերջի հանդէսին։
«ՖԵՐԱՀԵԱՆ» ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
Շաբաթ, 16 Յունիս 2018-ին, «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի 8-րդ կարգի աշակերտներու վկայականաց բաշխումը եւ մեր վարժարաններուն վերջին հանդէսը։ Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման աղօթքը կատարեց Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Հանդիսավարներ Տիկնայք Սեզա Քիւրտեան ու Ովսաննա Գալուստեան արտասանեցին բացման խօսքը։ Շրջանաւարտ աշակերտները հանդէս եկան երկու բանաստեղծութիւններով, որմէ ետք բարձրագոյն նիշեր ապահոված շրջանաւարտներ արտասանեցին աւարտական իրենց խօսքերը։ Երկրորդական բաժնի աշակերտներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց 12-րդ դասարանի աշակերտներէն Արմանտ Մնացականեան։ Մրցանակաբաշխութենէն ետք, տնօրէնուհին՝ Տիկին Սօսի Շանլեան իր խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին հրաւիրեց շրջանաւարտները, որպէսզի ծափահարութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեն իրենց ծնողներուն, տնօրէնուհիին եւ ուսուցիչներուն, որոնք սիրով, հաւատքով ու զոհողութիւններով կը լուսաւորեն ու կը հարստացնեն իրենց հոգիներն ու միտքերը։ Ան գնահատեց աշակերտներուն խօսքերը, եւ անոնց ընդմէջէն յորդորեց՝ ժամանակը տնտեսելու, ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու եւ հաւասարակշռութիւն պահելու կարեւորութիւնը, եւ տնօրէնուհիին պատգամին միանալով շնորհաւորեց շրջանաւարտները իբրեւ պտղաբեր հունձք։ Առաջնորդ Սրբազանը յորդորեց շրջանաւարտները շարունակելու իրենց ձգտումը լաւագոյնին, ըլլալու օրինակելի ու պատասխանատու հայորդիներ եւ քաղաքացիներ, որպէս պատուաբեր անհատներ հայ համայնքին։ Աւարտին, շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու տնօրէնուհիին։
Հանդէսը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։