ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ՝ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՅԱՐԿԻՆ ՏԱԿ

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին միայն հոգեւորականներու, ժողովականութեան անդամներուն »սեփականութիւնը« չէ, այլ անիկա կը մարմնաւորուի ու կþապրի, կը յառաջդիմէ նաեւ իր բոլոր ծառայողներով, անոնք ըլլան դպրաց դասու անդամներ թէ կիրակնօրեայ դպրոցնի դաստիարակներ, առանց մտահան ընելու մեր ամբողջ ժողովուրդը, որ կը կենսաւորէ քարեղէն կառոյցը ու կþոգեղինացնէ զայն։

Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու դպրացն դասերու մէջ վաստակ ունեցողներուն՝ սարկաւագներուն գործը ընդհանրապէս լուռ աշխատանք է, թէեւ կը կերտէ երախտիք։ Այս լուռ ու համեստ ծառայողները կþունենան պարբերական հանդիպումներ, ժողովներ, յատկապէս դաստիարակչական կալուածին մէջ կը կատարուի ծրագրում ու նուիրեալ աշխատանք։ Այս իրողութենէն մեկնած, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ու Կրօնական Ժողովը, նկատի ունենալով Թեմիս անմիջական կարիքները, անհրաժեշտ նկատած էին ուսուցիչներն ու սարկաւագները հրաւիրել համագումարի մը, ուր պիտի իրագործուէին միաժամանակ քանի մը նպատակներ, ինչպէս՝ փոխադարձ ծանօթացում տարբեր շրջաններու մէջ ծառայողներու, խորհրդակցութիւն՝ հասարակաց մարտահրաւէրներու եւ աշխատանքի որակի բարելաւման, ինչո՞ւ չէ նաեւ ծանօթացում՝ աշխատանքի այս մարզի կառոյցին, կանոններուն ու աւանդութեանց, մանաւանդ որ տարուէ տարի նոր ու երիտասարդ ձեռքեր կը միանան այս աշխատանքին, ու կենսական է գիտելիքներու ու փորձառութեանց բաժնեկցութիւնը նորերու հետ։

Այս մտասեւեռումով, Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ եկեղեցիներու դպրաց դասերու անդամ սարկաւագներու համագումար մը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Յունիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ »Արմենակ Տէր Պետրոսեան« սրահին մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին ու մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներու, աւելի քան 75 տեսուչներու, դաստիարակներու եւ սարկաւագներու, որոնք կը ներկայացնէին մեր Թեմի գրեթէ բոլոր շրջաններու եկեղեցիները։ Կրօնական Ժողովի անդամներու կողքին, ներկայ էր Ազգ. Վարչութեան անդամ Տիկին Անի Գարիքեան-Մկրտիչեան։

Համագումարը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7։15ին, հաւաքական աղօթքով ու Կրօնական Ժողովի ատենապետ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի բացման խօսքով։ Ան հակիրճ բացատրութիւն տուաւ այս համագումարին տուն տուող մտածումներուն ու նպատակներուն մասին, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի մանրամասնէ առաջադրանքները։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց ներկաները, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կիրակնօրեաներու դաստիարակներուն ու սարկաւագներուն նուիրեալ ու կամաւոր ծառայութեան մասին, շեշտը դնելով եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ անոնց կենսական դերին վրայ։ Ան նշեց, որ այս հաւաքը կազմակերպուած է առիթ ընծայելու, որ տարբեր ծխական շրջաններու մէջ նոյն նպատակին ծառայողներ իրարու ծանօթանան, փորձառութիւններ բաժնեկցին ու ընդհանուր պատկերացումը ունենան հասարակաց մարտահրաւէրներու, զանոնք դիմագրաւելու միջոցներու մասին. համագումարը նաեւ առիթ է գիտելիքներ վերաթարմացնելու մեր եկեղեցւոյ կազմակերպական կառոյցին ու կանոններուն մասին, հաղորդակից ըլլալու դարաւոր աւանդութեանց ու նոր մղում տալու կազմակերպ աշխատանքին, որ ի գործ կը դրուի ի խնդիր եկեղեցւոյ, նորահաս սերունդներուն, հաւատացեալներուն ու ամբողջ ժողովուրդին, աշխատանք՝ որուն մասնակից ու բաժնեկից են ներկաները, հոգեւորականներու եւ ժողովականութեան անդամներու կողքին։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրեց Արժ. Տ. Վիգէն Ա. Քհնյ. Վասիլեանը, որպէսզի ծանօթութիւններ տայ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպական կառոյցին, կանոններուն ու աշխատանքի դրութեան մասին։

Տէր Հայրը հակիրճ բայց ամբողջական ձեւով անդրադարձաւ այն հանգրուաններուն, որոնք կերտած են յատկապէս հայկական սփիւռքի վերջին շուրջ 150 տարիներու հասարակական կեանքը, սկսելով Պոլսոյ մէջ Ազգային Սահմանադրութեան մշակումէն, անցնելով Ցեղասպանութեան հանգրուանէն, Սիսի Կաթողիկոսական Աթոռին Անթիլիաս բռնի տեղափոխութենէն ու Թեմերու կազմակերպման տարիներէն, հասնելով մինչեւ մեր օրերը. ան նշեց, որ Կաթողիկոսութեան ու անոր հովանիին տակ գործող Թեմերը ունին կանոններ ու աշխատանքի դրութիւն, որոնք կը բխին Ազգային Սահմանադրութենէն եւ որուն վրայ հիմնուած են Կաթողիկոսութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող Թեմերու Կանոնագիրները, անոնցմով կը ղեկավարուին մեր ժողովական կեանքը, ծխական շրջաններն ու կրթական համակարգերը, եկեղեցիներն ու անոնց յարկին տակ տարուող բոլոր աշխատանքները։ Տէր Հայրը այնուհետեւ աւելի մանրամասն կերպով անդրադարձաւ Արեւմտեան մեր Թեմի հիմնադրութեան ու զարգացման հանգրուաններուն, շեշտելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող այս շրջանը սերտօրէն կապուած է Ս. Աթոռին ու ստեղծուած է փոխադարձ գործակցութեան գործընթաց, որ կþիրականանայ ժողովական թէ աշխատանքային այլ մակարդակներով։ Ան վեր առաւ այն իրողութիւնը, որ եկեղեցւոյ շրջագիծին մէջ ու անոր հովանիին տակ տարուող աշխատանքը, մեծ մասամբ սիրայօժար եւ կամաւոր ձեւով, կþիրագործուի նուիրեալներու ծառայութեամբ, որուն մասնակից են սոյն համագումարին մասնակցող ուսուցիչներն ու սարկաւագներ, որոնք ամէն Կիրակի, հոգեւորականաց դասու անդամներուն կողքին կը ծառայեն եկեղեցւոյ, Կիրակնօրեային ու մեր ժողովուրդին։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ անձնդիր ծառայողներուն մասին, սակայն նաեւ նշեց, որ երբեմն կը ստեղծուի ընկալեալ աւանդութեանց ու կանոնական դրութեանց նսեմացման կամ անտեսման փորձեր, որոնք խորքին մէջ ազատութեան գաղափարին չարաշահումն են ու հեռու՝ շինիչ քննարկման մթնոլորտէն։ Ան եզրափակեց կոչ ուղղելով ուսուցիչներուն, որ աստուածահաճոյ ու հայ սերունդներու հոգեւոր աճման գործը շարունակեն նուիրումով, իսկ սարկաւագներուն՝ որդեգրելու Առաջին Սարկաւագին՝ Ստեփանոս Նախավկայի արժանիքներն ու նկարագրային ազնիւ յատկութիւնները։

Առաջնորդ Սրբազանը կարգ մը մանրամասնութիւններ աւելցուց ու բացատրեց Կաթողիկոսութեան ու Թեմերու օրէնսդիր ու գործադիր ժողովներուն, Կաթողիկոսի, Առաջնորդի, Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեանց ընտրութեան կանոններուն ու ընդհանուր դրութեան մասին, ընդգծելով, որ եկեղեցական կեանքը կþապրի ու կը գործէ հոգեւորականներու, եկեղեցւոյ, ուսումնական համակարգին մէջ ծառայողներու եւ, մէկ խօսքով, մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն միջեւ սերտ գործակցութեամբ ու արդիւնաւոր, շինիչ գործունէութեամբ։

Համագումարին երկրորդ բաժինը զարգացաւ լուսաբանական հարցումներով, տեսակէտներու փոխանակումով ու շարք մը շինիչ առաջարկներու արձանագրութեամբ։ Ներկաներու հարցումներուն պատասխանեցին Առաջնորդ Սրբազանը, Հայր Միւռոն, Տ. Վիգէն Քհնյ. Վասիլեան եւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան։ Լուսարձակի տակ բերուեցան շարք մը դրական իրագործումներ, որոնք արձանագրուած են եկեղեցական արարողութիւններու շրջագիծին մէջ, շնորհիւ մարդուժի յաւելման ու առօրեայի հարկադրանքներու պատճառով շրջան մը չկիրարկուած բարի աւանդութեանց վերականգնումով, այն նշումով, որ Կրօնական Ժողովը նկատի պիտի ունենայ ներկայացուցած օգտակար առաջարկները, ինչպէս՝ ամէնօրեայ ժամերգութեանց կատարումը։

Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի »Լուսաւորիչ« երգչախումբը, իր կազմութեան օրերէն (աւելի քան 10 տարի առաջ) մինչեւ ներկան. նշուեցաւ, որ այժմու խմբավարն է Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, երգացանկի պատրաստութեան կողքին, աշխատանք կը տարուի անդամներու յաւելման եւ համերգի մը պատրաստութեան ուղղութիւններով։ Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Կիրակնօրեաներու դաստիարակչական ծրագիրները աւելի եւս զարգացնելու եւ համաչափ դարձնելու միջոցները, սարկաւագներու վերապատրաստութեան, երիտասարդական միութեանց վերակենսաւորման ու յարակից առաջադրանքները։

Հարց-պատասխանի ու առաջարկներու արձանագրումի այս պահը պերճախօս արտայայտութիւն էր այս համագումարի խորագիրին, ըստ որուն՝ ծրագրումին ու իրագործման մասնակից ու իրարու գործակից են եկեղեցւոյ բոլոր ծառայողները, թէ՝ եկեղեցին կը պատկանի բոլոր նուիրեալներուն, կþապրի ու կը բարգաւաճի անոնց սերտ գործակցութեամբ։ Այս նկատումով ալ, համագումարը լիովին ծառայեց ճշդուած նպատակին։

Համագումարի ընթացքին, յատուկ պահ մը յատկացուեցաւ Քրիստոսի 12 Աշակերտներուն նուիրուած »Աշակերտք Քրիստոսի« շարականի երգեցողութեան ու ուսուցման, զոր առաջնորդեց Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս գնահատանքով արտայայտուեցաւ ուսուցիչներուն ու սարկաւագներուն նուիրումին մասին, վեր առաւ երէց սերունդին կողմէ նորերուն տրամադրուած գործնական ուղեցոյցին կարեւորութիւնը եւ »Պահպանիչ«ով փակեց երեկոն։ Ներկաները երգեցին »Կիլիկիա«ն եւ նուէր ստացան »Լուսաւորիչ« Երիտասարդական երգչախումբի համերգի տեսահոլովակները։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022