ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ »ԱՐԱՐԱՏ ՏԱՆ« ՀՕՄ-Ի ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԱԾ ԱՄՍԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 5 Յունիսի կէսօրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ »Արարատ Տան« Միշըն Հիլզի հաստատութեան մէջ կազմակերպուած ամսական ճաշի ընդունելութեան։ Աւանդաբար, Յունիս ամսուան ճաշը կը հովանաւորէ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութիւնը։ Նաեւ իրենց հովանաւորութեամբ ճաշին կը մասնակցէին ընտանիքներ, յարգելով յիշատակը իրենց հարազատներուն։

Առաջնորդ Սրբազանին կþընկերանային Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան։

Սեղաններու օրհնութեան աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը արտասանեց սրտի խօսք։ Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը շնորհած է այս համախմբումին, որ կը մէկտեղէ ՀՕՄի ու »Արարատ Տան« ծառայողներն ու զօրակիցները։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄին, ինչպէս նաեւ տարեցներու հոգածութիւնը յանձն առած »Արարատ Տան« նուիրեալներու տասնամեակներու անձնդիր աշխատանքին մասին։ Ան յատկապէս ողջունեց »Արարատ Տան« կողքին կանգնելու ՀՕՄի Շրջ. Վարչութեան ու մասնաճիւղերուն ընթացքին մասին, միաժամանակ վեր առնելով հայութեան կեանքին մէջ ՀՕՄի աշխարհատարած ծառայութիւնները։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022