Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ղըպտիներու Թէոդորոս Բ. Պապին Ի Պատիւ Ընդունելութեան


Ընդառաջելով Ղըպտի Ուղղափառ համայնքի Լոս Անճելըսի Առաջնորդ Տ. Սրաբիոն Եպիսկոպոսի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 18 Հոկտեմբեր 2015ի երեկոյեան ներկայ եղաւ «Santa Verena Charity»ի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մը, ի պատիւ Ղըպտիներու գերագոյն հոգեւոր պետին՝ Նորին Սրբութիւն Թէոդորոս Բ. Պապին, անոր Լոս Անճելըս անդրանիկ այցելութեան առիթով:

Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Անահայմի «Hilton» պանդոկին մէջ. Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան: Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Պապին Միացեալ Նահանգներ ներկայութիւնը, անոր փոխանցեց Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյններ ու բարեմաղթութիւնները, վեր առնելով երկու քոյր եկեղեցիներուն լծակցութիւնն ու քրիստոնէական հաւատքի ուղեկցութիւնը: Ան նաեւ հաստատեց, որ հայութիւնը զօրակից է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն, որոնք հալածանքներու եւ բռնարարքներու կþենթարկուին վերջին շրջանին, եւ վերջապէս, քաջառողջութիւն մաղթեց Պապին, որպէսզի ընդերկար ծառայէ իր հօտին եւ ի խնդիր Միջին Արեւլքի մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022