Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնը Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2016ի երեկոյեան, Իկըլ Ռաքի իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր ողջունահանդէս մը, նուիրուած՝ նորատիպ «Մարմնամարզ» հատորին, որ կը բովանդակէ Ցեղասպանութեան նահատակներէն Շաւարշ Քրիսեանի կողմէ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Մարմնամարզ» թերթէն լայն քաղուածքներ: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր սրտի խօսքը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան:
Հաստափոր հատորը պատրաստած ու լոյս ընծայած է նահատակ մտաւորականին ու մարզական մարդուն՝ Շ. Քրիսեանի եղբօր թռռը՝ Տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան, որ ներկայ էր ձեռնարկին եւ արտայայտուեցաւ հատորին հրատարակման շարժառիթին ու նպատակներուն մասին: Հատորին ներկայացումը կատարեց ծանօթ մտաւորական Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան:
Երեկոյի եզրափակիչ իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս հատորին հրատարակման նախաձեռնութեան մասին, գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերը՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ, ապա նաեւ Տիկին Փիրումեանը՝ հատորին գեղեցկօրէն ներկայացման համար, եւ շեշտեց, որ իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայորդի, Շաւարշ Քրիսեան եւս մաս կը կազմէ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մեր եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած նահատակներուն, եւ հաւատացեալներուն համար կը նկատուի բերեխօս: