Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Ժոզէֆ Արք. Զահլաուիին Ի Պատիւ Ճաշկերոյթին


Շաբաթ, 31 Յունուար 2015ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նիւ Եորքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի նոր Առաջնորդ Գերշ. Տ. Ժոզէֆ Արք. Զահլաուիի ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան: Նորընտիր Առաջնորդին գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր 6 Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի Ս. Նիկողայոս Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ մայր տաճարին մէջ։ Զահլաուի Արքեպիսկոպոսը իր այս պաշտօնին կոչուելէ առաջ, շուրջ 20 տարի ծառայած էր համայնքի Լոս Անճելըսի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմէն ներս: Նոր առաքելութեան սկզբնաւորման առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորական նամակ մը յղած էր անոր:

Շաբաթ երեկոյեան, “Sheraton Universal” պանդոկին մէջ տեղի ունեցած յիշեալ ընդունելութեան առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը անձամբ շնորհաւորեց Զահլաուի Արքեպիսկոպոսը, որուն հետ ունի երկու տասնամեակներու ծանօթութիւն եւ գործակցութիւն: Իր արտասանած սրտի խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի անոր քայլերը առաջնորդէ այս նոր առաքելութեան մէջ: Ան վկայեց, որ Զահլաուի Արքեպիսկոպոսը Քրիստոսի հաւատարիմ մէկ ծառան է, իր հօտին բարի հովիւ մը եւ հոգեւոր առաջնորդ մը, որ արժանի է այս պատիւին: Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով քաջառողջութիւն, երկնատուր իմաստութիւն եւ կարողութիւն՝ արժանավայել կերպով վարելու իր թեմն ու հովուելու իր հօտը:

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքի աւարտին, յանուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան մեր Թեմին, եւ իբրեւ սիրոյ արտայայտութիւն, ոսկեզոծ ձեռաց խաչ մը նուիրեց Զահլաուի Արքեպիսկոպոսին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022