Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի պաշտօնավարութեան աւարտին առիթով, ու հրաւէրովը հիւպատոսարանի խորհրդատու մարմինին ու լիբանանեան-ամերիկեան համայնքի ներկայացուցիչներուն, Հինգշաբթի, 1 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Քալիֆորնիա Քլապ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը, իբրեւ հրաժեշտի ու յարգանքի արտայայտութիւն Իպրահիմի։ Յիշեցնենք, որ ան լիբանանեան կառավարութեան կողմէ պաշտօնի բարձրացում ունեցած է եւ ունի դեսպանի աստիճան։ Անոր յաջորդ պաշտօնատեղին պիտի ըլլայ Արժանթինը՝ իբրեւ դեսպան։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան, պաշտօնավարտ դիւանագէտին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւններն ու բարի երթ մաղթեց Լիբանանի ծառայութեան մէջ իր յառաջիկայ աշխատանքներուն։ Ձեռնարկին ներկայ էին մեր համայնքի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ ու լոս-անճելըսաբնակ նախկին լիբանանցիներ։