Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքին Ի Պատիւ Ճաշկերոյթին


Լիբանանի Մարոնի համայնքի հոգեւոր պետ Նորին Ամենապատուութիւն Պշարա Ռայի Պատրիարքին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ այցելութեան առիթով, Երկուշաբթի, 4 Յուլիս 2016ին, Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ եւ տիկինը՝ Մայա, կազմակերպած էին պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, ի պատիւ հիւր պատրիարքին:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ընդունելութեան եւ փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Արեւմտեան մեր Թեմին հոգեւոր դասուն, ժողովականութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ողջոյնները: Ողջոյնի խօսք արտասանեց Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքին՝ այս ճաշկերոյթը իր ներկայութեամբ պատուելուն համար, նաեւ ներկաներուն՝ որոնք Միացեալ Նահանգներու անկախութեան այս տօնին, ընդառաջած են հրաւէրին։ Ան նաեւ վեր առաւ լիբանանցիներու հոգեկան սերտ կապը՝ մայր հայրենիքին հետ: Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին նաեւ պետական ու դիւանագիտական այլ ներկայացուցչական դէմքեր:

Ռայի պատրիարքը իր պատգամին մէջ օրհնեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց արտայայտուած խօսքերուն համար եւ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնի մթնոլորտին մէջ, մաղթեց, որ Լիբանան վերագտնէ ամբողջական խաղաղութիւնն ու բարօրութեան ուղին, նաեւ վերջ գտնեն Միջին Արեւելքի տագնապները:

Ողջոյնի ու սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Մարոնի համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդ Տ. Իլիաս Զէյտան Եպիսկոպոսը. ան ողջունեց Պատրիարքին ներկայութիւնը, եւ գոհունակութիւն արտայայտեց եղբայրական այն յարաբերութեանց մասին, որ կը տիրէ Լոս Անճելըսի շրջանի եկեղեցիներուն ու համայնքներուն միջեւ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022