Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանը Ուրբաթ, 11 Մարտ 2016ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Մեթրոփոլ» սրահին մէջ նշեց իր տարեկան ճաշկերոյթը, հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի:
Առաջնորդ Սրբազանն ու Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան ներկայ եղան ձեռնարկին եւ շնորհաւորեցին վարժարանի ընտանիքը:
Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ գնահատանքով արտայայտուեցաւ վարժարանին մարդակերտումի ու հայակերտումի աշխատանքին մասին: Ան յատկապէս գնահատեց տնօրէնուհի՝ Դոկտ. Ալինէ Դուրեանը, իր առաջնորդող եւ նախաձեռնող կարողութեամբ մատուցած ծառայութեան համար։ Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ յիշեց, որ այս վարժարանը անցեալ տարեշրջանին տօնեց իր հիմնադրութեան 45րդ տարեդարձը, ու վերանորոգ կենսունակութեամբ եւ նոր թափով կը կերտէ 46րդ տարին: Ան ողջունեց անձեռնմխելի հիմնադրամ մը (Endowment Fund) հաստատելու վարժարանի պատասխանատուներուն նախաձեռնութիւնը, որ կը նպատակադրէ նոր բարձունքներու հասցնել կրթական այս օճախը: Վերջապէս, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանք արձանագրեց դաստիարակներուն, որոնք նոյն առաւօտուն վարժարանի 8րդ դասարանի աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան այցի բերած էին եւ սրտառուչ հանդիպում մը ունեցան բանաստեղծ Ժագ Ս.
buy amoxicillin UK https://mannadew.co.uk/wp-content/languages/new/amoxicillin.html no prescription
Յակոբեանի հետ, ինչ որ ցուցանիշ է ապրող հայ մշակոյթին հետ մեր նոր սերունդը հաղորդ պահելու նախանձախնդրութեան: Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով վարժարանի տնօրէնը, դաստիարակները, Ուսումնական Մարմինը, ծնողները, բարերարները եւ անոր վերելքին բոլոր սատար հանդիսացողները, մաղթելով, որ անոնց միջեւ սերտ գործակցութիւնը այս վարժարանը տանի նոր յաջողութիւններու: