Առաջնորդ Սրբազանը կը Մասնակցի Արցախի Պատուիրակութեան Ի Պատիւ Կազմակերպուած Ընդունելութեան


Ինչպէս ծանօթ է, Գոհաբանութեան տօնի նախօրեակին, Արցախի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ փոխ-վարչապետ Զօր. Արթիւր Աղաբէկեանի, ժամանեց Լոս Անճելըս, մասնակցելու համար «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 19րդ թելեթոնին։

Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ յարգարժան հիւրերուն: Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ, Կլենտէյլ, Չորեքշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2016-ին: Ներկայ էին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանի, համայնքի հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարներ ու պաշտօնատարներ։

Ելոյթ ունեցան Զօր. Արթիւր Աղաբէկեան եւ Հայաստանի հիւպատոսարանի խորհրդական Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան, շեշտելով Թելեթոնի մեր գաղութի հաւաքական մասնակցութեան հրամայականը, Արցախի ժողովուրդի զօրակցութեան համար։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022