Ուրբաթ, 5 Յունուար 2017-ի երեկոյեան, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ եւ տեղի ունեցաւ լուսավառութիւն։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արժ.
buy udenafil online gilbertroaddental.com/wp-content/themes/twentyseventeen/inc/en/udenafil.html no prescription
Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեանն ու Արժ. Տ. Մովսէս Քհնյ. Շաննագեանը։
Եկեղեցւոյ դպիրները ընթերցեցին Ս. Գրային ընթերցուածները, ապա, ժամամուտի արարողութեամբ եւ Աւետման Աւետարանով սկսաւ հոգեպարար Ս. Պատարագը։
Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը, անդրադառնալով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդին, նշեց, որ Աստուծոյ Լոյսը աշխարհ եկաւ իբրեւ կեանքի ուղեցոյց։ «Մեր Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս աշխարհ եկաւ լուսաւորելու համար խաւար աշխարհը եւ սիրոյ, յոյսի ու փրկութեան սերմերը ցանելու մարդկութեան պապակած սիրտերուն մէջ։ Ան ծնաւ իբրեւ խոնարհութեան, հնազանդութեան ու զոհաբերութեան գերագոյն խորհրդանիշ, իբրեւ բարի հովիւ՝ առաջնորդելու համար իր հօտը դէպի արդարութեան ճանապարհ եւ մարդը հաշտեցնելու Աստուծոյ հետ։ Անոր մշտավառ, լուսաւորող եւ առաջնորդող լոյսը բոցավառեցաւ դարեր շարունակ՝ մարդկութեան պարգեւելով նոր եւ պայծառ կեանք», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը ու բոլորը հրաւիրեց շարունակելու ընթանալ Քրիստոսի Լոյսին ներքոյ, վկայելու Լոյսին մասին ու ապրելու սիրով, խաղաղութեամբ, ներդաշնակութեամբ եւ բարիկամեցողութեամբ զեղուն կեանք մը։
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի, «Խորհուրդ Մեծ եւ Սքանչելի» շարականի երգեցողութեան պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Խորանէն բերուած մոմով վառեց հաւատացեալներուն մոմերը. ներկաները Քրիստոսի Ծննդեան աւետիսով մաղթանքներ փոխանակեցին եւ իրենց հետ տուն տարին Յիսուսի Ս. Ծննդեան աւետիսը խորհրդանշող ճրագը։