Ծաղկազարդի Տօնին Առաջնորդ Սրբազանը Պատարագեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ


Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը յիշատակող՝ Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Կիրակի, 20 Մարտ 2016ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ յարկին տակ, տօնին խորհուրդէն բխող պատգամ մը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն, գլխաւորեց մանուկներու թափօրը, եւ Ս. Պատարագի աւարտին, կատարեց Դռնբացէքի արարողութիւնը:

Տօնական օրերու աւանդութեան համաձայն, Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ «Աւետիսեան» սրահին մէջ, որ ամբողջութեամբ լեցուն էր բազմահարիւր հաւատացեալներով: Ծնողներ, դեռատի մանուկներ գունագեղ զգեստներով զարդարուած եւ մոմեր ի ձեռին, արարողութեան եկած էին, միանալու համար թափօրին եւ ստանալու Առաջնորդ Սրբազան հօր օրհնութիւնները: Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ սարկաւագներ:

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ Սաղմոսի բառերով. «Ովսաննա, Օրհնեալ է ան, որ Տիրոջ անունով կու գայ»: Տօնական մթնոլորտը եւ խորհուրդը ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցելով, ան մաղթեց, որ մեր սիրտերն ու հոգիներն ալ ազատութեան ու փրկութեան խոստումով լեցուին։ Ինչպէս որ Յիսուս իբրեւ խաղաղութեան իշխան մուտք գործեց Երուսաղէմի դարպասէն ներս, նոյնպէս թող մուտք գործէ նաեւ մեր սիրտերէն ներս։ Ան նշեց, որ երբ Յիսուս Երուսաղէմ հասաւ, Զատկի Տօնին առիթով, բազմահազար ուխտաւորներ կային, որոնց մէջ երկու խումբի պատկանող մարդիկ. առաջին խումբը, որուն օրինակին պէտք է հետամուտ ըլլանք, իմացած էր Քրիստոսի հրաշքներուն մասին, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցած էր քանի մը օր առաջ, Ղազարոսի յարութեամբ, ինչպէս նաեւ լսած էր անոր ուսուցումները երկինքի արքայութեան մասին: Անոնք ցնծութեամբ դիմաւորեցին զինք իբրեւ մեսիա, արմաւենիի եւ ձիթենիի ճիւղերը ի ձեռին, բացագանչելով. «Ովսաննա Դաւիթի որդւոյն, ովսաննա ի բարձունս»: Երկրորդ խումբը, որ կը բաղկանար դպիրներէ, փարիսեցիներէ եւ քահանայապետներէ, դաւեր կը սարքէին՝ լռութեան մատնելու համար Յիսուսը ու վերջ դնելու անոր առաքելութեան։ Անոնք կ’ակնկալէին, որ աշխարհիկ հզօր թագաւոր մը, բանակներով պիտի գայ, քաղաքական ազատութիւն բերելու, մինչդեռ ականատես եղան Խաղաղութեան համեստ Իշխանին, որ նստած էր աւանակի մը վրայ, շրջապատուած՝ զինք դիմաւորող եւ իրենց ձեռին արմաւենիի ու ձիթենիի ճիւղեր բարձրացուցած մանուկներով ու պարզ ժողովուրդով։ Անոնք չէին ուզեր մասնակից ըլլալ Անոր հռչակած թագաւորութեան, որովհետեւ չէր նպաստեր իրենց անձնական հաշիւներուն եւ հեղինակութեան պահանջին:

«Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի դէպքը միայն պատմութեան չի պատկանիր, այլ ապրող իրականութիւն է, զոր կրնանք միշտ ապրիլ, եթէ Զինք հրաւիրենք, որ մուտք գործէ մեր սիրտերէն ներս եւ մեր մէջ բնակի իբրեւ Խաղաղութեան Իշխան. խնդրելով Իրմէ, որ խաղաղութիւն հաստատէ մեր կեանքերուն, մեր հոգեկան ու ֆիզիքական աչքերն ու ականջները բաց պահէ ճշմարտութեան ու արդարութեան, զօրացնէ մեր հաւատքը եւ մեզ հոգեպէս կատարեալ դարձնէ», ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազանը, կոչ ուղղելով հաւատացեալներուն, որ ըլլան հոգեպէս մաքուր, խոնարհ, Յիսուսի թափօրին մաս կազմող մանուկներուն պէս անմեղ ու բարի: Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի սէրն ու խաղաղութիւնը արմատաւորուին մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, երբ վաղը կը թեւակոխենք Աւագ Շաբաթը, որ պէտք է մեր հոգիներու մաքրութեան ու մեր սիրտերը Տիրոջ բանալու շրջան մը հանդիսանայ բոլորիս համար՝ անհատապէս թէ ազգովին։

Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը, շրջապատուած հոգեւոր հովիւով, սարկաւագներով ու դպրաց դասով, գլխաւորեց թափօրը: Ի՜նչ տպաւորիչ պատկեր էր, սրահին թէ բակին մէջ, տեսնել ծնողներ, իրենց մանուկները գրկած շարք կազմած էին, ստանալու համար Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը:

Թափօրի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը խորան բարձրացաւ եւ կատարեց Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը: Այս տարուան կնքահայրն էր փոքրիկն Թրոյ Նալպանտեան: «Եկէ՛ք, խնդրենք Արդար Դատաւորէն, որ իր գթութեան դուռը բանայ մեզի համար, ինչպէս որ խոստացուած է, պայմանաւ, որ մենք ալ մեր սիրտերը բանանք ու Զինք հրաւիրենք տիրելու անոնց», պատգամեց Առաջնորդ Սրբազանը, եւ օրհնեց կնքահայրը եւ անոր միջոցով՝ բոլոր մանուկները, շնորհաւորեց անոր ծնողները, մեծ հայրն ու մեծ մայրը, աղօթքելով, որ Տէրը իր Ս. Աջը հովանի պահէ բոլորիս վրայ:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022