Փասատինայի Հայկական Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանի Հիմնօրհնէք


Կիրակի, 27 Ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, Փասատինա քաղաքի Memorial Park-ին մէջ տեղի ունեցաւ նոր կառուցուելիք Հայկական Ցեղասպանութեան Յուշարձանի հիմնօրհնէքը: Յիշեալ ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան, Արժ. Տ. Խորէն Քհնյ. Պապօշեան եւ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Քալիֆորնիոյ նահանգի խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Յուշարձանի Յանձնախումբի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի ողջոյնի խօսքով, ուր շնորհակալութիւն յայտնեց հոգեւոր առաջնորդներու ներկայութեան ու նախագահութեան, որմէ ետք ներկաները թափօրով “Այսօր Յարեաւ” շարականի երգեցողութեամբ քալեցին դէպի յուշարձանի կառուցման հողաշերտը, եւ այնտեղ Սաղմոսներով եւ Աւետարանով կատարուեցաւ հիմնօրհնէքի արարողութիւնը։ “Օրհնեսցի եւ Սրբեսցի զհողաշերտս յուշարձանի ցեղասպանութեան Հայոց, եւ զհողս մայր Հայաստանի” բառերով օրհնուեցաւ կառուցման հողաշերտը եւ Հայաստանէն բերուած հողը, որ օրհնութենէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հօր ձեռքով աւելցուեցաւ կառուցուելիք յուշարձանի հողաշերտին վրայ:

Ապա ներկայ բազմութեան ուղղելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ աշխարհի տարածքին կառուցուած են աւելի քան 200 Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններ, եւ ահաւասիկ այս մէկը պիտի աւելնայ անոնց շարքին, որպէս յուշարար մեր ժողովուրդի եւ օտար ազգերու զաւակներուն, թէ մենք չենք մոռցած մեր նահատակները, եւ պիտի մնանք մեր պահանջատիրութեան ու արդար իրաւունքներու պաշտպանման հաստատ կամքին մէջ:

Հիմնօրհնէքի արարողութենէն ետք, գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը հանդիսավարութեամբ դաշնակցային կառավարութեան դատաւոր Տիգրան Թեւրիզեանի։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022