Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ Քաղդէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Լուիս Ռաֆայէլ Ա. Սաքօ Պատրիարքին Հովուապետական Այցելութեան

Ասորի Քաղդէական Կաթողիկէ համայնքի գերագոյն առաջնորդը՝ Տ. Լուիս Ռաֆայէլ Ա. Սաքօ պատրիարքը այս օրերուն Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի հովուապետական այցելութեամբ։ Նշենք, որ համայքի կեդրոնը կը գտնուի Բաբելոն, Իրաք։

Հինգշաբթի, 31 Օգոստոսի երեկոյեան, համայնքին Նորթ Հոլիվուտի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած էր բարի գալստեան յատուկ արարողութիւն մը եւ ընդունելութիւն մը, ի պատիւ հիւր Պատրիարքին։ Ծանօթ է, որ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքը այս եկեղեցին կը գործածէ իր արարողութեանց համար։ Պատրիարքը նախագահեց եկեղեցական արարողութեան եւ պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն. աւարտին, ան ներկայացուց այս շրջանի նոր առաջնորդը՝ Մար Էմանուէլ Եպս. Շալեթան, որուն առաջնորդանիստ վայրն է Սան Տիեկոյի Ս. Պետրոս եկեղեցին։

Ընդառաջելով իրեն ուղղուած հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ դիմաւորութեան եւ եկեղեցական արարողութեան։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան եւ Նորթ Հոլիվուտի մեր ծխական համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էին նաեւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Տ. Եուճին Արք. Քափլան, եկեղեցական ներկայացուցիչներ, եւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Տիար Յարութ Դարբինեան։

Արարողութենէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը, յանուն Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մեր Թեմի հաւատացեալ ժողովուրդին, ողջունեց Սաքօ Պատրիարքը, վերահաստատելով Կիլիկեան մեր Ս. Աթոռին զօրակցութիւնը Իրաքի մէջ հաստատուած՝ Քաղդէական Կաթողիկէ պատրիարքութեան։ Ան նաեւ շնորհաւորեց Մար Էմանուէլ Եպս. Շալեթան՝ Առաջնորդի առաքելութեան կոչումին առիթով։ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ յուշանուէրներ յանձնեց Սաքօ Պատրիարքին, նշանակեալ առաջնորդին եւ անոնց ընկերացող բարձրաստիճան հոգեւորականներուն։

Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանութեան աղօթք. ապա, հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւին ու պատասխանատուներուն նախաձեռնութեամբ, սիրոյ սեղան մը տրուեցաւ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022