Հինգշաբթի, 26 Յունիսին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելութիւն մը տուաւ Սան Ֆրանսիսքօ եւ հանդիպում ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն հետ, խորհրդակցելով ծխական շրջանի ծրագիրներուն ու կարիքներուն շուրջ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար քահանացու Բարշ. Աւօ Սրկ. Մարգարեան։
Առաջնորդ Սրբազանը եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն պաշտօնապէս ներկայացուց Բարշ. Աւօ Սրկ. Մարգարեանը, որ կը պատրաստուի քահանայական ծառայութեան: Աւօ Սարկաւագ ի մօտոյ պիտի ստանայ քահանայական ձեռնադրութիւն, եւ ծոմապահութեան քառասնօրեայ շրջանը բոլորելէ ետք, իբրեւ հոգեւոր հովիւ ծառայութեան պիտի կոչուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական շրջանին մէջ: