Ուսումնական 2016-2017 տարեշրջանի վերամուտի զանգը հնչեց Օգոստոսի կէսերուն եւ մեր Թեմի Ազգային Վարժարանները վերաբացին իրենց դուռները՝ լոյս, գիտութիւն եւ կրթութիւն ջամբելու մատղաշ սերունդներու պապակ հոգիներուն։ Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը վերամուտի առիթով իր պատգամը յղած էր մեր բոլոր վարժարաններուն, որ ընթերցուեցաւ իւրաքանչիւր շրջանի հոգեւոր հովիւին կողմէ:
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2016ի առաւօտուն, նախագահեց Ազգային Ֆերահեան Վարժարանի ու Մարի Գապայեան նախակրթարանի վերամուտի հանդիսութեանց, յաջորդաբար այցելելով Էնսինոյի եւ Նորթ Հիլզի համալիրները:
Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի վերամուտը տեղի ունեցաւ «Աւետիսեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի, վարժարանի Ուսումնականի Խորհուրդի, «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեանց եւ Հ.Օ.Մ.-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ, դաստիարակներ, ծնողներ եւ այլ հիւրեր:
Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին Տէրունական Աղօթքով եւ Սբ. Ներսէս Շնորհալիի «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքներով սկսաւ Ֆերահեան Երկրդ. Վարժարանի վերամուտի հանդիսութիւնը: Խօսք առաւ վարժարանի նոր նշանակեալ տնօրէնուհին՝ Տիկին Սօսի Շանլեան, որ ողջունելէ ետք աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը, անդրադարձաւ հայ դպրոցի կոչումին եւ առաքելութեան, որ կը միտի աշակերտին հոգեմտաւոր զարգացման, որպէսզի անոր մէջ արմատանան պատասխանատուութեան գիտակցութիւնն ու քննական մտածողութիւնը,ապա շեշտը դրաւ երկու կարեւոր հանգամանքներու վրայ՝ յարգանք եւ կարգ-կանոն։
Առաջնորդ Սրբազանը, իր պատգամը ուղղելով՝ փառք եւ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ Իր հովանիին տակ անսասան կը պահէ հայ դպրոցն ու անոր նուիրական կոչումը, ապա խնդրեց Աստուծմէ, որ Իր իմաստութեամբ հարստացնէ ուսուցիչներն ու դաստիարակները, եւ իւրաքանչիւրին հոգիներուն եւ էութեան մէջ սերմանուած ծառայութեան հունտերը ծլարձակէ, աճեցնէ եւ պտղաւորէ։ Ան շնորհաւորեց նոր տնօրէնուհին, մաղթելով որ աննահանջ եւ անխոնջ երթ ունենայ մարդակերտման եւ հայապահպանման բազմախորհուրդ ասպարէզին ընթացքին, ապա խօսքը ուղղելով աշակերտութեան՝ Սրբազան Հայրը յորդորեց, անսալ իրենց տնօրէնուհիին, խոստանալով ըլլալ յարգալից եւ կարգ-կանոնով։
Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2016ը հռչակած է «Ծառայութեան Տարի» եւ ընդգծեց. «Այս տարուան խորհուրդը իմաստաւորելու եւ գործնական կիրարկումի դնելու համար, արդեօք կա՞յ աւելի յարմար միջավայր մը, քան Հայ Դպրոցը: Հայ դաստիարակն ու անձնակազմի անդամները, օրն ի բուն, անձնդիր ծառայութեամբ ու ամբողջական նուիրումով, տարիներ շարունակ մարմնաւորած են ծառայութիւնը՝ իրենց օրինակով գործնապէս ծառայութեան ուղին ցոյց տալով հայ աշակերտին»:
Էնսինոյէն՝ Առաջնորդ Սրբազանն ու ներկայացուցչական դէմքերը ուղղուեցան Նորթ Հիլզի Մարի Գապայեան նախակրթարանը։ Խօսք առաւ վարժարանին տնօրէնը՝ Տիար Ժան Գոսաքեան, որ ողջունեց աշակերտներուն դպրոց վերադարձը։ Ներկայ էին նախակրթարանի դաստիարակներն ու ծնողներ։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս վեր առաւ Հայ Դպրոցին ու Հայ Ուսուցիչին պատասխանատու դերն ու առաքելութիւնը՝ հայ աշակերտներու հոգեւոր ու իմացական աշխարհի կազմաւորման մէջ, եւ բարի մաղթանքներ կատարեց յաջող տարեշրջանի մը համար։
Յայտնենք, որ Առաջնորդ Սրբազանը վերամուտի այցելութիւններ պիտի տայ նաեւ այլ վարժարաններ։