Կիրակի, 28 Սեպտեմբեր 2014ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ֆրեզնոյի Ս.
buy cialis strips online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/cialis-strips.html no prescription
Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ Ս.
buy tadalista online www.mydentalplace.com/wp-content/themes/twentytwelve/inc/en/tadalista.html no prescription
Պատարագին եւ փոխանցեց իր պատգամը, ապա նաեւ նախագահեց “Տարեցներու Տարուան” նուիրուած ձեռնարկին:
Նկատի ունենալով, որ այդ օրը Վարագայ Ս. Խաչի տօնն էր, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ այս տօնին ծնունդ տուած պատմական հրաշալի դէպքերուն. ան վեր առաւ քրիստոնեայի կեանքին մէջ Խաչի հզօր ներգործութիւնը եւ հաւատացեալները յորդորեց աղօթքով շարունակելու քրիստոնէական կեանքի իրենց ուղեւորութիւնը, վստահիլ Աստուծոյ կամքին եւ միշտ յիշել, թէ մեր Տէրը ինչպիսի զոհողութիւն յանձն առաւ մեր փրկութեան համար խաչը բարձրանալով:
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց եկեղեցւոյ Հովիւին՝ Տ. Վահան Քհնյ. Կոստանեանի, հոգաբարձութեան եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան յանձնախումբի նուիրումն ու ճիգերը, յատկապէս անդրադառնալով այն հանդիսութեան, որ նախատեսուած էր Ս. Պատարագէն ետք: Առաջնորդ Սրբազանը մէջբերումներ կատարեց Տարեցներու Տարուան նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամէն եւ կոչ ուղղեց, որ սէր, յարգանք եւ հոգածութիւն ցուցաբերուին մեր տարեցներուն, ականջալուր ըլլանք անոնց թելադրանքներուն ու խորհուրդներուն: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ Տարեցներու Տարուան նուիրուած ձեռնարկով, այս եկեղեցւոյ զաւակները կþընդառաջեն Վեհափառ Հայրապետի պատգամին:
Ս. Պատարագէն ետք, նախաձեռնութեամբ Հոգաբարձութեան եւ կազմակերպութեամբ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբին, “Հայ Տարեցներու Տարուան” նուիրուած յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, պատուելու համար գաղութի 70 տարիքը ամբողջացուցած տարեցները։ Ձեռնարկը կը վայելէր Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Հանդիսութիւնը հովանաւորեց Տիար Յովհաննէս Պուլատեան, ի յիշատակ իր տիկնոջ՝ Արաքսիի։
Օրուան հանդիսավարը՝ Տիար Կարօ Փօլատեան, Քրիստոնէական Դաստիարակչական Յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ մատնանշեց հանդիսութեան նպատակն ու կարեւորութիւնը։
Պարմանուհի Ֆադէն Գասապեան երգեց Ամերիկեան եւ Հայկական Քայլերգները։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ աղօթքը կատարէ եւ իր հայրական խօսքը փոխանցէ ներկաներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ երախտապարտ պէտք է մնանք մեր ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն, որոնք արժանի են մեր սիրոյն, յարգանքին եւ հոգածութեան, որովհետեւ անոնց կը պարտինք մեր վայելած բարիքները: Ան նաեւ գնահատեց այն սերունդները, որոնք Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ համայնքը կերտեցին, եւ իրենց յարատեւ ջանքերով եկեղեցին բարգաւաճ պահեցին։ Սրբազան Հօր հրաւէրով, ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին երէցներուն։
Հաճելի անակնկալ մը վերպահուած էր երէցներուն. քանի մը թոռներ իրենց սիրոյ եւ երախտագիտութեան խօսքը արտայայտեցին իրենց սիրելի մեծ ծնողներուն։ Ոմանք յիշեցին իրենց մանկութեան հաճելի դրուագները, եւ այն գուրգուրանքը, որ վայլած են իրենց կեանքի ընթացքին։ Սրտի խորերէն արտայայտուած գեղեցիկ խօսքերը խորապէս յուզեցին բոլոր երէցները։ Երկու տաղանդաւոր եղբայրներ՝ Գէորգ եւ Արմէն Աճէմեան, երգեցին երկու երգեր։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Վարուժան Տէր Սիմոնեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց հանդիսութեան յաջողութեան համար, նաեւ յայտնեց թէ վստահութեամբ ներշնշուած է, թէ նոր սերունդը պիտի շարունակէ իրեն փոխանցուած աւանդը։
Յայտնենք, որ նոյն շաբաթավերջին, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական “Փրփուր”ի տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տեղւոյն մասնաճիւղին: Առաջնորդ Սրբազանը Շաբաթ երեկոյ այցելեց տօնակատարութեան վայրը եւ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հովիւին եւ սարկաւագներու հետ միասին, կատարեց Անդաստանի արարողութիւն: