Չորեքշաբթի, 22 Փետրուարին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Արեւագալի առաջին արարողութեան։
Արարողութեան մասնակցեցան Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան։ Ժամերգութեան ներկայ եղան Ֆերահեան Ազգ. Վարժարանի աշակերտները։ Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն խօսեցաւ մեծ պահոց մասին։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ կից, »Տիգրանեան« սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Էնսինոյի ՀՕՄ-ի »Անահիտ« Մասնաճիւղի Մեծ Պահքի ճաշկերոյթը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։