Յիսուս Քրիստոսի Թաղման Կարգը՝ Յոյսը Յարութեան


Ուրբաթ, 18 Ապրիլի 2014ի երեկոյեան, հազարաւոր հաւատացեալ հայորդիներ ողողեցին մեր Թեմի եկեղեցիները եւ երկիւղածութեամբ մասնակցեցան Քրիստոսի թաղման կարգի արարողութեան, յուզումնալից շարականներու երգեցողութեամբ։ Հաւատացեալ ժողովուրդը ծաղիկներով զարդարուած Քրիստոսի գերեզմանին մէջ Յարութեան լոյսի յոյսը տեսաւ եւ ապրեցաւ ու երկիւղածութեամբ ծնրադրեց անոր դիմաց։

Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Թաղման Կարգի արարողութեան։ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը վեր առաւ մեր Փրկչին զոհագործութեան խորհուրդը եւ մարդկութեան հանդէպ ունեցած սիրոյն տարողութիւնը ու Հօր Աստուծոյ կամքին հնազանդութեան կատարելութիւնը։ Ապա, կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն գիտակցելու խաչի խորհուրդին եւ անոր զօրութեան։ Իսկ Քրիստոսի թաղման եւ գերեզմանի խորհուրդը վերբերելով, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց որ մեր Փրկչին երկրաւոր առաքելութիւնը վերջ տալ փորձողները սխալեցան, որովհետեւ նոյն գերեզմանը մեզի բերաւ լոյս, յաղթանակ, Յարութիւն եւ կեանք։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022