Կիրակի, 15 Մայիս 2016ին, Հոգեգալստեան տօնին առիթով, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, փոխանցեց իր պատգամը եւ նախագահեց հոգեհանգստեան պաշտօնին: Ս. Պատարագը մատուցեց ծխականշրջանի հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան: Ներկայ էին երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ, տիկնանց միութեան անդամներ, հիւրեր եւ ծխական համայնքի հաւատացեալ ժողովուրդը:
Յընթացս Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը 3 հանգրուաններով, հոգեզմայլ շարականներու ուղեկցութեամբ, Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի աղօթքները բարձրացուց ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօր Աստուծոյ, Որդւոյն Աստուծոյ եւ Սուրբ Հոգւոյն: Ապա «Տէր Ողորմեա»էն առաջ, ոգեւորուած Հոգեգալստեան Տօնին մեծ խորհուրդով, իր հոգեշունչ պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն, զանոնք հաղորդակից դարձնելով Ս. Հոգիի գալստեան խորհուրդին, որ Յիսուսի տուած խոստումին համաձայն, տեղի ունեցաւ վերնատան մէջ: «Մխիթարիչ Ս. Հոգին, սարսափելի հողմի նման, ահեղագոչ հնչմամբ իջաւ աշակերտներուն վրայ, ոսկիի նման կրակով մաքրեց, եւ զանոնք զարդարեց իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը, նշելով, որ Ս. Հոգւոյ ներգործութեան տակ, Պետրոս Առաքեալ, որ 3 անգամ ուրացած էր իր վարդապետը, Ս. Հոգւոյ զօրութեամբ դարձաւ անվեհեր քարոզիչը Քրիստոսի Յարութեան, յորդորելով ժողովուրդը որ դարձի գայ, մաքրուի, սրբուի, ապաշխարհէ եւ մկրտուի: Նոյն օրը, 3,000 հոգի մկրտուեցան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ այսօր, ճշմարտութիւնը եւ ճշմարտութեան խօսքին արժէքը, ինչպէս նաեւ բարոյական, կրօնական եւ ազգային արժէքները թուլացած են մեր մէջ, տրտմեցնելով Ս. Հոգին: Ան խնդրեց, որ Աստուծոյ գիտութեան եւ իմաստութեան այս տօնին, կենդանարար Ս. Հոգին գայ ու մեզ կրակի օրինակով մաքրազարդէ, որ յաղթական դուրս գանք մեր թուլութիւններէն եւ մարդկային տկարութիւններէն, ու Ս. Հոգիով առաջնորդուած, ապրինք այնպիսի կեանք մը՝ որ մեր Տէրը մեզի սորվեցուց: Զօրացնենք մեր մէջ Աստուծոյ պատուիրաններու իմացութիւնը եւ Ս. Հոգւոյ առաջնորդութեամբ ապրինք ու ծառայենք Աստուծոյ իր պատուիրաններուն համաձայն:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամի աւարտին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, յանուն Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեան, տիկնանց միութեան եւ համայն ծխական համայնքի հաւատացեալներուն, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնաբեր այցելութիւնը, ցանկալով իրեն քաջառողջութիւն եւ երկար տարիներու կեանք, շարունակելու իր հովուական սրբազան առաքելութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան մեր Տիրախնամ Թեմէն ներս: Ապա, խնդրեց ներկայ հաւատացեալներէն որ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացնեն Արցախի, մեր հարենիքի եւ Միջին Արեւելքի մեր հայայօծ գաղութներու խաղաղութեան համար:
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը օրհնեց Կիրակնօրեայի աշակերտները, ապա նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան: Աւարտին, եկեղեցւոյս Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտները յիշատակի խմբանկար մը ունեցան Սրբազան Հօր հետ: Ապա ան օրհնեց ողբացեալ Թագուհի Փայլունեանի հոգւոյն տրուած հոգեճաշը, եւ իր օրհնութիւնները բաժնելով ներկայ հաւատացեալներուն հրաժեշտ տուաւ: