Շաբաթ, 3 Յունուար 2015ին, հայրենի պետութիւնն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը վերջին հրաժեշտը տուին Հայաստանի Ազգային Ժողովի անդամ, Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննէսեանի, որ իր աչքերը յաւիտենապէս փակած էր 28 Դեկտեմբեր 2014ին, ետին թողելով պետական, դիւանագիտական, ազգային եւ կուսակցական գործիչի ստուար վաստակ մը եւ իր կեանքով կնքուած ժառանգութիւն մը:
Արեւմտեան մեր Թեմը եւս միացաւ համահայկական սուգին: Կիրակի, 4 Յունուարին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ առյաւէտ բաժնուած հայրենասէրին հոգւոյն համար: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան ու Գանձնապահ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ երիտասարդ գործիչին յիշատակն ու վաստակը յարգող բազմութիւն մը:
Հոգեհանգստեան արարողութեան առաջ, յիշատակի խօսք արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանը, վեր առնելով Վահան Յովհաննէսեանի բազմաճիւղ ծառայութիւններով կերտուած վաստակը, նկարագրային ազնիւ գիծերն ու կորուստին պատճառած ցաւն ու ստեղծուած բացը (Առաջնորդ Սրբազանին խօսքը կու տանք առանձին):
Ս. Պատարագէն եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ “Արմենակ Տէր Պետրոսեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հաւաք, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի: Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ յուշահանդէսի առաջին բաժինին, ապա մեկնեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցի, ուր մատուցեց տարուան առաջին Ս. Պատարագը եւ կատարեց մատաղօրհնէք:
Յուշահանդէսին հանդիսավարն էր Տիար Սարօ Նազարեան: Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, սրտի խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան: Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէին խօսքը արտասանեց Տիար Վահէ Պօզոյեան: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: