Հինգշաբթի, 26 Յունիս 2014ին, Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը վաւերացուց թիւ 4347 բանաձեւը, որ Թուրքիոյ պետութիւնը կը հարկադրէ Թուրքիոյ հողատարածքին եւ Կիպրոսի թրքական գրաւեալ բաժնին մէջ քրիստոնէապատկան եկեղեցիներն ու կալուածները վերադարձնել սեփականատէրերուն։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, շաբաթասկիզբին նամակներ յղած էր Յանձնախումբի անդամներուն, որպէսզի իրենց քուէարկութեամբ զօրակցին բանաձեւի վաւերացման։
Իր նամակին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կը նշէ, որ 1915էն 1923 տարիներուն, Թուրքիոյ պետութիւնը, հայերու դէմ իրենց գործադրած ցեղասպանութեան կողքին ու անկէ ետք, ոչ միայն իւրացուց հայութեան դարաւոր հայրենիքին մեծ մասը, այլ նաեւ քանդեց ու փճացուց հայապատկան եկեղեցիներ, դպրոցներ, արհեստանոցներ եւ բնակարաններ, որպէսզի հայութեան հետքերը ջնջուին մեր պատմական հողերուն վրայէն: Ան կþընդգծէ, որ այս ընթացքը մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի, առանց համապատասխան հակազդեցութիւն գտնելու համաշխարհային ընկերութեան կողմէ: Շրջանին մէջ գտնուող քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները այսօր ալ կը մնան ճնշումի եւ հալածանքի ենթակայ, կը շարունակէ Առաջնորդ Սրբազանը: Մեր սրբատեղիներուն ու կալուածներուն փոշիացումը կը շարունակուի, որպէսզի մեր գոյութեան վերջին հետքերն անգամ ջնջուին: Սակայն ժամանակն է, որ Թուրքիոյ պետութիւնը հաշիւ տայ իր անցեալի ու ներկայի արարքներուն համար։ Ժամանակն է, որ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ եւ թէ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ապրող կրօնական եւ ցեղային փոքրամասնութիւնները ապրին խաղաղութեամբ, առանց հալածանքի ու սպառնալիքի: Վստահաբար, գործակցութեամբ կրնանք պահպանել մեր կառոյցները եւ զանոնք վերադարձնել իրաւատէրէրուն«, կը շեշտէ Առաջնորդ Սրբազանը:
Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց այս բանաձեւին որդեգրումը եւ յոյս յայտնեց, որ Թուրքիոյ պետութիւնը դրապէս ընդառաջէ այս արդար պահանջին: Ան այս իրագործումը մեծ յառաջընթաց մը նկատեց մեր Դատի ճամբուն վրայ եւ այս առիթով, բարձր գնահատեց Հայ Դատի ծառայողները, որոնք մեծ աշխատանք տարին այս իրագործման նպատակով: