Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի ըլլայ ՀՕՄ-ի «Մայր» մասնաճիւղի կազմակերպած աւանդական Գոհաբանութեան ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ Կարապետեան« սրահին մէջ։
Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։