Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը այս տարի եւս, Գոհաբանութեան տօնին օրը կը կազմակերպէ իր տարեկան հանգանակային մեծագոյն արշաւը՝ թելեթոնը, որուն մասնակցութեան կը հրաւիրուի համայն հայութիւնը։
Այս տարուան թելեթոնը 20-րդն է եւ կը կրէ «Բերքառատ Արցախ» ընդհանուր խորագիրը։ Նկատի ունենալով որ Արցախի տնտեսութիւնը հիմնականին մէջ կը յենի երկրագործութեան վրայ, այս տարուան թելեթոնի եկամուտը պիտի տրամադրուի ջրամատակարարման ծրագիրներու, ոռոգումի միջոցներու արդիականացման եւ ընդարձակման։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան յատուկ պատգամով մը կոչ կ’ուղղէ մեր ժողովուրդին, որպէսզի լիաբուռն մասնակցութիւն բերէ դրամահաւաքին։ «Արցախը կը հզօրանայ իր զաւակներուն տնտեսական բարօրութեամբ եւ ընկերային վիճակին բարեփոխութեամբ, ինքնաբաւ վիճակի ստեղծումով։ Անցեալ աւելի քան 20 տարիներուն, հայութիւնը Հայաստան Հիմնադրամին ճամբով յաջողած է 350 միլիոն տոլարի համարժէք օժանդակութիւն հասցնել Արցախին ու Հայաստանին, իրականացնելով բարգաւաճման աւելի քան հազար ծրագիր։ Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր են թելեթոններն ու հայրենիքին նիւթական աջակցութեան նմանօրինակ նախաձեռնութիւնները», կը շեշտէ Առաջնորդ Սրբազանը։
Ինչպէս անցեալ տարիներուն, այս տարի եւս, Ազգ. Առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը՝ եկեղեցիները, ազգային վարժարաններն ու յարակից միաւորներ պիտի մասնակցին թելեթոնին, որ պիտի պատկերասփռուի Հինգշաբթի, 23 Նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10, հայկական պատկերասփիւռի կայաններէ, որոնց ցանկը կարելի է գտնել այցելելով Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի կայքէջը՝ http://www.armeniafund.org/.