Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարան


Ընդառաջելով Վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2016ի առաւօտուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ Աւետարանական Վարժարան։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Արժ. Տ. Նարեկ Աւ. Քհնյ. Փեհլիվանեանն ու Արժ. Տ. Ռազմիկ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեանը։

Հիւր հոգեւորականները դիմաւորուեցան Պատուելի Սարօ Շահնազարեանի, հոգաբարձութեան անդամներու, տնօրէնուհիին՝ Տիկին Լինա Արսլանեանի, դաստիարակներուն եւ աշակերտներուն կողմէ: Անոնք շրջապտոյտ մը կատարեցին վարժարանի բաժանմունքներուն մէջ, ծանօթացան նորութիւններուն եւ մտերմիկ պահ մը ունեցան աշակերտներուն հետ: Այնուհետեւ, հիւր եւ հիւրընկալներ աշակերտներուն հետ համախմբուեցան վարժարանի սրահին մէջ, ուր հիւրերուն հրամցուեցաւ խնամուած յայտագիր մը՝ Ս. Գիրքին, Հայ Լեզուին նուիրուած շարականներով, արտասանութեամբ ու երգերով:

Յայտագիրի սկզբնաւորութեան, Տնօրէնուհին ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, իր այս այցելութեան համար, եւ գնահատեց, որ իր պատգամներով կը տոգորէ աշակերտները: Ան նաեւ անդրադարձաւ Սրբազան Հօր՝ մեր գաղութին բազմաթիւ տարիներու ծառայութիւններուն ու բարեմաղթութիւններ կատարեց յառաջիկայ երթին համար: Այնուհետեւ աշակերտները ներկայացուցին յայտագիրը:

Յայտագիրի աւարտին, Պատուելի Ս. Շահնազարեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, բարեմաղթութիւններ կատարեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ յիշեցուց, որ յառաջիկայ շաբաթ Գոհաբանութեան տօնն է եւ բոլորս պէտք է գոհութիւն տանք Աստուծոյ, այդ տօնին եւ միշտ:

Նկատի ունենալով, որ աշակերտներուն երգերուն շարքին էին «Խորհուրդ Խորին» եւ «Թագաւոր Երկնաւոր» շարականները, Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ կանգ առաւ անոնց իմաստին ու խորհուրդին վրայ, շեշտելով, որ մենք պարտինք ամէն օր փառք տալ Աստուծոյ, որ մեզի շնորհած է կեանք, ծնողներ եւ դաստիարակ ուսուցիչներ, որոնք արժանի են ծափահարութեան: Ան նշեց, որ մեր մեծագոյն գրողներէն՝ Խաչատուր Աբովեան պատգամած է, թէ ազգ մը պահողը իր լեզուն է ու հաւատքը, հետեւաբար, յորդորեց աշակերտները ըլլալու լաւ քրիստոնեաներ ու պահպանելու Հայ Լեզուն, Ս. Գիրքը միշտ բաց պահել իրենց կեանքին մէջ, ու Գոհաբանութեան տօնին առիթով ամենայն բարիք մաղթեց վարժարանի մեծ ընտանիքին: Իր խօսքի աւարտին, ան գոհաբանութեան աղօթք մը սորվեցուց աշակերտներուն: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ յուշանուէրներ յանձնեց վարժարանին եւ աշակերտներուն:

Հանդիպումը վերջ գտաւ Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ: Վարժարանի պատասխանատուները պատրաստած էին պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022