Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ամառնային Ս. Գրային Դպրոցը

Չորեքշաբթի, 24 Յուլիս 2019-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ամառնային Ս. Գրային դպրոց եւ իր օրհնութիւններն ու պատգամը փոխանցեց մանուկներուն։

Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ներկայացուց ամառնային Ս. Գրային դպրոցէն ներս կատարուած աշխատանքները։ Ապա, փոքրիկները իրենց սորված շարականները, սաղմոսները եւ աղօթքները խանդավառ կերպով ներկայացուցին։

Առաջնորդ Սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց Տէր Հայրը, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնն ու ուսուցչաց կազմը, որոնք 7 տարի շարունակ լծուած են այս ազգաշէն աշխատանքին։ Ան փոքրիկներուն բացատրեց, թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւր հայ մանուկ պէտք է գոհութիւն յայտնէ Երկնաւոր Հօր Աստուծոյ իւրաքանչիւր բարիքի համար։ Մտերմիկ հանդիպումը աւելի եւս հետաքրքրական դարձաւ, երբ ան փոքրիկներուն ճաշէ ետք արտասանուող «Փառք կերակրողին» աղօթքը սորվեցուց՝ այսպիսով երեխաներուն մէջ գոհունակ եւ երախտապարտ ըլլալու զգացումը աւելի եւս արմատաւորելով ու իմաստաւորելով։

Հանդիպումի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը յուշանուէրներ փոխանցեց փոքրիկներուն եւ զանոնք «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց, որմէ ետք ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ կից «Անտոնեան» սրահ, ուր ցուցադրուած էին մասնակից երեխաներու ձեռային աշխատանքները։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022