Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հայկազեան ՀամալսարանիՆերկայացուցիչները


Հինգշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2014-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու գրասենեակի գործադիր վարիչ տնօրէն Տիար Լեւոն Ֆիլեանն ու Հայկազեան Համալսարանի հոգաբարձութեան եւ Թեմիս Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամ Դոկտ. Յասմիկ Պարանը։

Հիւրերը Առաջնորդ Սրբազան Հայրը տեղեակ պահեցին Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ Հայկազեան Համալսարանի ներկայ գործունէութեանց մասին, որոնց կարգին՝ միասնաբար իրագործելի ճաշկերոյթը, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 15-ին, որուն հրաւիրեցին Առաջնորդ Սրբազանը։ Առաջնորդ Սրբազանն ու հիւրերը նաեւ զրոյց ունեցան Հայկական Վարժարաններու եւ Հայ Երիտասարդութեան դաստիարակութեան մասին։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022