Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 6 Յուլիսի կէսօրին ընդունեց այցելութիւնը Թեմիս նուիրեալներէն Տիկին Ալիս Նաւասարկեանի, որ Ազգ. Առաջնորդարան եկած էր Առաջնորդ Սրբազանին նուիրելու իր նորագոյն հատորէն՝ »The Immortals«էն օրինակներ։
Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. Վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Ռիմա Պօղոսեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի անդամներէն Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան։
Առաջնորդ Սրբազանը սիրով ողջունեց Տիկին Ա. Նաւասարկեանը Ազգ. Առաջնորդարանի յարկէն ներս, վեր առնելով Նաւասարկեան ընտանիքին երկար տարիներու բարեկամութիւնն ու նուիրաբերումը։ Ան բարձր գնահատեց Տիկին Ա. Նաւասարկեանի այս աշխատանքը, որ ուշագրաւ յաւելում մըն է մեր գրաւոր մշակոյթի գանձարանին, մանաւանդ, որ բազմալեզու հատորը, 1,500 պատկերներու եւ լուսանկարներու ընկերակցութեամբ, ո՛չ միայն հակիրճ ուրուագծումը կը կատարէ մեր պատմութեան, այլ նաեւ լուսարձակի տակ կը բերէ միջազգային մշակոյթին հայութեան ներդրումէն դրուագներ, ու իրանահայերու իրագործումներն ու ներդրումը կը ներկայացնէ այս բովանդակութեան մէջ։
Նկատի ունենալով որ 2012 տարին Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է Հայ Գիրքի Տարի, Առաջնորդ Սրբազանը հրաւէր ուղղեց յարգելի հիւրին, որ Ազգային Առաջնորդարանիս յառաջիկայ ձեռնարկներէն մէկուն, այս գիրքը լուսարձակի տակ բերուի։
Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]