Հինգշաբթի, 29 Մայիս 2014-ի յետ միջօրէին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի Գաւառի Վերահսկիչի պաշտօնին թեկնածու՝ Տիար Պապի Շրայվըրին։ Ան եկած էր Սրբազան Հօր օրհնութիւնները ստանալու նախքան Յունիս 3-ին կայանալիք ընտրութիւնները։ Յարգելի հիւրին կþընկերանար Ազգային Առաջնորդարանիս բարեկամներէն Տիար Էտի Կրպոյեան։
Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ փոխադարձ ծանօթացման եւ գաղութային զանազան հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակման։
Առաջնորդ Սրբազանը իր բարեմաղթութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց Տիար Շըրայվըրի յառաջիկայ ընտրութեանց եւ անոր ապագայ ծրագիրներուն համար։