Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 9 Մարտ 2018-ի առաւօտուն, Ազգային Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի նոր նշանակեալ գլխաւոր հիւպատոսին՝ Տիկին Միռնա Խաուլիի այցելութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին էր Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, իսկ գլխաւոր հիւպատոսին կ’ընկերանար հիւպատոսարանի խորհրդատու մարմինի անդամ Տիար Թորոս Քէչէճեան։
Նկատի ունենալով, որ գլխաւոր հիւպատոսը առաջին այցելութիւնը կու տար Ազգ. Առաջնորդարան, տեղի ունեցաւ փոխադարձ ծանօթացում. նշենք, որ Տիկին Խաուլիի Լոս Անճելըս ժամանումին առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը օրին շնորհաւորական նամակ մը յղած էր անոր։ Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց լիբանանցի դիւանագէտին Ազգ. Առաջնորդարան ներկայութիւնը, անգամ մը եւս շնորհաւորեց անոր նշանակումը եւ բարի երթ մաղթեց անոր առաքելութեան, ապա ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթութիւններ տուաւ Առաջնորդարանիս ծառայական կեանքին մասին, շեշտելով, որ անցեալ տասնամեակներուն, ու իրերայաջորդ հիւպատոսներու պաշտօնավարութեան ընթացքին, Ազգ. Առաջնորդարանս միշտ ալ բարեկամական կապեր ու սերտ գործակցութիւն ունեցած է հիւպատոսութեան հետ. ան վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկային եւս, նոյն ընթացքը պիտի շարունակուի։
Տիկին Խաուլի շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, դրուատիքով խօսեցաւ Լոս Անճելըսի հայութեան ու կազմակերպ դրութեան մասին եւ հաւաստեց, որ բարեկամական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին նոյն ընթացքով։
Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Մայիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեանց եւ ամերիկաբնակ լիբանանցիներու քուէարկութեան մասնակցութեան հարցերը։
Հրաժլշտի պահուն, Առաջնորդ Սրբազանը լիբանանցի դիւանագէտին յանձնեց յուշանուէր մը։