Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 27 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ծանօթ թատերագիր եւ մշակութային բազմավաստակ գործիչ Տիար Հրանդ Մարգարեանի, որ Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղին հրաւէրով Լոս Անճելըս կր գտնուէր, Խրիմեան Հայրիկի կեանքն ու անկէ բխող պատգամները բեմական գործով մը ներկայացնելու համար։ Տիար Մարգարեանի կ’ընկերանային Համազգայինի ներկայացուցիչներ՝ Տիար Սարօ Նազարեան եւ Տիկին Թամար Թիւֆէնքճեան-Սերայտարեան։
Առաջնորդ Սրբազանն ու Տիար Մարգարեան վաղեմի ծանօթներ ըլլալով, առիթը ունեցան զրուցելու մշակութային եւ ժողովրդանուէր ծառայական աշխատանքներու մասին։ Տիար Մարգարեան նաեւ հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ Խրիմեան Հայրիկը մենակատարութեամբ ժողովուրդին մատուցելու իր աշխատանքին մասին, որ կ’իրագործուի Հայրիկի վախճանման 110-րդ ամեակին առիթով։
Թատերական ներկայացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Յունուարի երեկոյեան, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղաւ Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի եւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանի։
Ներկայացման աւարտին, յանուն Առաջնորդ Սրբազանին խօսք առնելով՝ Հայր Թորգոմ դրուատիքով արտայայտուեցաւ այս յղացքին ու մատուցման մասին, նշելով, որ «մենք կարդացած ու սորված ենք Խրիմեան Հայրիկին մասին, սակայն այսօր առիթը ունեցանք ուղղակի տեսնելու զայն ու հաղորդակից դառնալու իր պատգամներուն»։