Ահաւասիկ դարձեալ համախմμուած ենք այս սրμազան յարկին տակ, 97րդ տարին ըլլալով խունկով ու աղօթքով խոնարհելու մեր μիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին, մեր յարգանքը ընծայելու անոնց՝ որոնք զոհ գացին Օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ 1915էն 1923 տարիներուն գործադրութեան դրուած ցեղասպանութեան։ Հաւաքուած ենք վերահաստատելու մեր ուխտը, յայտարարելու՝ որ պիտի շարունակենք մեր պահանջատիրական աննահանջ պայքարը՝ ի խնդիր պատմական դառն ճշմարտութեանց, մեր իրաւունքներուն ճանաչումի, ի խնդիր արդարութեան, ի խնդիր փոխ-հատուցման։
Երկու շաμաթ առաջ, քրիստոնեայ աշխարհին հետ տօնեցինք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։ Այդ հրաշալի դէպքը չարին վրայ μարիին գերագոյն յաղթանակն է, մահուան վրայ կեանքին յաղթանակը։ Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս պարտութեան մատնեց մահը, զայն ոտնակոխ ըրաւ մահուամμ, մեզի շնորհելով նոր կեանքի մը խոստումը, փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի պարգեւը։
Արդարեւ, Հայ ժողովուրդը առաջինն էր, որ պետականօրէն ընդունեց Քրիստոսի կողմէ ընծայուած նոր կեանքը եւ Աստուծոյ լոյս հաւատքը։ Մեր ժողովուրդը ազգովին դիմաւորեց Քրիստոսի Ս. Յարութեամμ տրուած խոստումները եւ զանոնք դարձուց մեր ազգային արժէքներուն ու իտէալներուն հիմքը։ Այնուհետեւ, դարեր շարունակ ան պայքարեցաւ ու ապահովեց իր վերականգնումը, յաղթահարեց μազմաթիւ պատուհասներ ու մարտահրաւէրներ, որովհետեւ մենք սպառազինուած ենք Ս. Յարութեան ոգիով, գօտեպնդուած ենք ու ամրակայուած՝ անոր խրախոյսով։
Շատեր փորձեցին մեզ ջարդել, μնաջնջել ու դուրս նետել պատմութեան էջերէն, սակայն մեր հաւատքը մեզի տուաւ ինքնապաշտպանութեան վահանը, մեր իրաւունքները պաշտպանելու ներուժը։ Կրկին ու կրկին վերականգնեցանք աւերէ ու մոխիրներէ, վերածնանք μազմիցս. մահը չյաջողեցաւ մեզ ընկճել, չկրցաւ մեզ պարտութեան մատնել, որովհետեւ հայը կեանքի ու ստեղծագործութեան ժողովուրդ է։
Աւարայրէն մինչեւ այսօր, մեր ժողովուրդը դիմագրաւած է անհամար ճակատամարտներ։ Բազմիցս ենթարկուած ենք անասելի փորձութիւններու, սակայն միշտ ապաւինած ենք մեր Տիրոջ զօրութեան, անսասան մնացած ենք մեր հաւատքին մէջ ու իμրեւ հաւատարիմ, աստուածավախ ժողովուրդ, ապահոված ենք մեր գոյատեւումը։ Սաղմոսին μառերով՝ Տէրը մեր ապաւէնն է, եւ մեր Աստուածը պաշտպանութեան վէմ է։
Մօտաւորապէս դար մը առաջ, Օսմանեան կայսրութեան պետական մեքենան ի գործ դրաւ հայութիւնը աշխարհի երեսէն ի սպառ μնաջնջելու ծրագիր մը. իրենց μառերով, կþուզէին «միայն մէկ հայ թողուլ, այն ալ թանգարան դրուելու համար»։ Սակայն այսօր մենք կանք, 8 միլիոն ժառանգորդներս՝ նահատակ սերունդին։
Ամμողջ ժողովուրդ մը μռնի կերպով հեռացուեցաւ իր պապենական հողերէն, ենթարկուեցաւ անասելի տառապանքներու, սակայն թոյլ չտուաւ, որ թշնամին շահի։ Մեր պապերը ձախողութեան մատնեցին հայը μնաջնջելու թուրքին դաւադիր ծրագիրը, անոնք յարութիւն առին, ու մենք՝ մեր նահատակներուն ժառանգորդները, այսօր կը շարունակենք իրենց պայքարը, անսասանելի հաւատքով ու վճռակամութեամμ տոգորուած։
Այո՛, մեր ժողովուրդը նահատակութեան ճանապարհով առաջնորդուեցաւ, առանց գիտնալու թէ ի՛նչ ճակատագիր կը սպասէր իրեն։Հայը քալեց Տէր Զօրի անապատներէն, ապրեցաւ իր Գողգոթան, ա՛յն հաւատքով՝ որ այդ ճանապարհը զինք կը տանի յարութեան, ազգի փրկութեան եւ վերականգնումին։ Մեր նահատակները մահը ընտրեցին, ի խնդիր մեր հաւատքին, աւանդութեանց, մշակոյթին, լեզուին ու պատմական ժառանգութեանց պաշտպանութեան, արժէքներ՝ որոնք կը կազմեն մեր ինքնութիւնն իսկ։
Սիրելիներ,
Հայ ժողովուրդը միշտ ալ վերապրած է կեանքի արհաւիրքներէն։ Այս կամքը նոյնն է եղած նա՛եւ 1915էն ի վեր։ Ահաւոր տարիներուն յաջորդած տասնամեակներուն, մենք դարձեալ կանգնեցանք, վերստին կազմակերպուեցանք, շինեցինք եկեղեցի, դպրոց, μազմաթիւ համայնքային ու երիտասարդական կեդրոններ. μազում զոհողութիւններ յանձն առինք ի խնդիր Հայաստանի անկախութեան վերականգնումին, միաժամանակ վերապրումի եւ ազգային տենչերու ոգին վառ պահելով ու արմատաւորելով իրարայաջորդ սերուդներուն մէջ։
«Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն, եւ սակայն հոգին չեն կրնար սպաննել։ Բայց դուք վախցէք մանաւանդ անկէ, որ կրնայ թէ՛ հոգին եւ թէ մարմինը կորուստի մատնել դժոխքին մէջ» (Մտթ. 28։10)։
Ճիշդ է. թշնամին մեզմէ խլեց մեր հողերուն մեծ մասը, ջարդեց աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր, սակայն չյաջողեցաւ խորտակել հայու հոգին ու էութիւնը։ Հակառակ μոլոր չարիքներուն, մենք չսասանեցանք մեր հաւատքին մէջ, չկորսնցուցինք յոյսը։ Ոչ մէկ ատեն ընկրկում կամ յուսալքում ապրեցանք, չպարտուեցանք. կանք ու կը մնանք։
Վերականգնեցանք, ու վերստին ճանապարհ ինկանք դէպի արդարութեան ու ազգային իրաւունքներու հետապնդում։ Այս ճանապարհին ենք նաեւ այսօր, զայն կր շարունակենք վերանորոգ վճռակամութեամμ եւ անսակարկելի կամքով։ Մեր ճանապարհը կրնայ ըլլալ երկար, սակայն զայն պիտի շարունակենք՝ սպառազինուած Տիրոջ շնորհած իմատութեամμ, առաջնորդութեամμ, արիութեամμ ու համμերութեամμ։
Այս ճամμուն վրայ կատարած ենք կարեւոր իրագործումներ, սակայն գիտենք, որ դեռ շատ ընելիք ունինք։ Ցեղասպանութենէն 3 տարի ետք, Մայիս 28ով կերտեցինք անկախ հանրապետութիւն, ապա, շուրջ 70 տարիներ ետք, մեր նահատակներուն ոգիով ու կտակով տոգորուած, անոնց յիշատակով թռիչք առնելով, վերականգնեցինք ազատ ու անկախ Հայաստանը, անկախ Արցախը, ու մեր երթը պիտի շարունակենք, մինչեւ հասնինք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի յաղթանակին։
Մեր դատը արդար է ու անվիճելի։ Մենք դէպի յառաջ կը քալենք՝ Ս. Յարութեան ոգիին ներշնչումով, հաւատալով, որ արդարը ի վերջոյ պիտի յաղթանակէ, չարը մահուան պիտի մատնուի։
Սիրելի ուխտաւոր հաւատացեալներ,
Այսօր, 24 Ապրիլը՝ օրն է մեր սրμազան ուխտի վերանորոգութեան։ Եկէք, ուխտենք, որ մեր երթը պիտի ըլլայ աննահանջ, մեր ազգային նկարագիրն ու դիմագիծը պիտի պահենք անաղարտ, ամէն μանէ վեր պիտի դասենք մեր իրաւունքներուն հետապնդումը։ Այս μոլորը նուազագոյնն է, որ մենք պիտի ընենք մեր նահատակներուն կտակին համար։ Ճիշդ է. 97 տարիներ անցած են անոնց նահատակութենէն, սակայն մենք երμեք պիտի չմոռնանք այն անմարդկային արարքներն ու անարդարութիւնը, որոնց ենթարկուեցան մեր նախնիները։ Նաեւ՝ թոյլ պիտի չտանք, որ աշխարհը մոռնայ այդ μոլորը, այլ ընդհակառակը, պիտի պայքարինք մինչեւ Ցեղասպանութեան ամμողջական ճանաչում, սկսելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։
Գիտակից ենք որ մեր պատմութեան դառն ճշմարտութիւնները այսօր ցաւալիօրէն ենթակայ կը մնան ուրացումի, կը նենգափոխուին ու կþանտեսուին, սակայն մեր ժողովուրդի իւրայատուկ կամքի զօրութեամμ ու համμերութեամμ, աննահանջ պիտի շարունակենք ճանաչումի, արդարութեան ու հատուցման մեր պայքարը։ Աւելին, կը պահանջենք, որ այսօրուան Թուրքիոյ մէջ վերջ գտնէ կրօնական ու ազգային խտրականութեան ընթացքը, քրիստոնեաներու դէմ ի գործ դրուած հալածանքները դադրին ու խլուած սրμազան վայրերը վերադարձուին իրաւատէրերուն, իսկ Թուրքիան, ընդունելէ ետք Ցեղասպանութիւնը, արդար հատուցում կատարէ։
Թող Ամենակալն Աստուած մեզի շնորհէ ուժ եւ վճռակամութիւն, ձեռք μերելու համար արդէն իսկ ուշացած արդարութիւնը, որպէսզի մեր μիւրաւոր նահատակներուն հոգիները յաւիտենական հանգիստի արժանանան ու խաղաղութիւն գտնեն մեր Տիրոջ երկնային արքայութեան մէջ։
Խունկ ու աղօթք՝ մեր նահատակներու յիշատակին,
Առաւել հաւատք, կամք ու կորով՝ մեր երիտասարդ սերուդին։
Փառք մեր ժողովուրդին,
Ամէն։
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին