23 Ապրիլ 2015ին, Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն սրբադասման արարողութիւնը նոր ջերմեռանդութեամբ գօտեպնդեց մեր ժողովուրդի զաւակները։ Նոյն հաւատքով եւ հոգիով, մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ նահատակներու աճիւններու ներկայութիւնը պիտի ունենանք։ Այնուհետեւ, մեր հաւատացեալները յարգանքով ու երկիւղածութեամբ պիտի դիմեն Սուրբ Նահատակներուն բարեխօսութեան, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 26 Ապրիլին, Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագի ընթացքին իր ուղղած պատգամին մէջ:
26 Ապրիլի Կիրակին մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Կարմիր Կիրակի էր, Ս. Յարութեան յաջորդող չորրորդ Կիրակին: Այդ օրը, Առաջնորդ Սրբազանը եղաւ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ ծխական համայնքին հետ եւ օրուան խորհուրդը վեր առնող պատգամ մը ուղղեց հաւատացեալներուն: Ան նշեց, որ Աստուածային նախախնամութեամբ եւ զուգադիպութեամբ, Ապրիլ 24էն ետք, այսօր, Կարմիր Կիրակիի օրը, առաջին Ս. Պատարագը կը մատուցուի մեր եկեղեցիներուն մէջ, երբ մեր նահատակները իբրեւ Սուրբեր արդէն բարեխօս են մեզի՝ ուխտապահ հայ հաւատացեալին համար: Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Էջմիածինի մէջ 23 Ապրիլին տեղի ունեցած սրբադասումի արարողութեան, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող օրերուն, Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշման արարողութեանց ու նախաձեռնութիւններուն, որոնց միջոցով, հայութեան եւ արդարութեան ձայնը ուժգնօրէն հնչեցին աշխարհի տարածքին: Վերջին շաբաթները եղան արթնութեան ու հոգեփոխութեան օրեր, մեր Թեմին մէջ եւս հայութիւնը իր ձայնը միացուց աշխարհի տարածքին բարձրացած հայութեան ձայնին, միաձայնութեամբ մասնակից եղանք յուշահանդէսներու եւ պահանջատիրական բազմապիսի արտայայտութիւններու:
Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ շեշտած էր աննահանջ պահանջատիրութիւնը շարունակելու կամքը, շեշտելով, որ “մեր նահատակները, Ս. Հոգիով զօրացած եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներով ոգեղինացած, յաղթեցին չարի պատերազմը, որպէսզի մենք՝ անոնց զաւակները, յաղթենք նոր ժամանակներու չարին պատերազմը: Մեր նահատակները մեր ազգի գերագոյն իտէալներուն համար իրենց արիւնը թափեցին, որպէսզի մենք նոյն տեսիլքով ու յանձնառութեամբ պայքարինք: Մեր նահատակները կ’ապրին մեր կեանքին մէջ որպէս անլռելի զանգակատուն, ի խնդիր մեր բռնաբարուած իրաւուքներուն ձեռքբերման՝ մեզ պայքարի մղող”:
Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը եզրափակեց կոչ ուղղելով, որ նոյն արթնութեամբ եւ հաւատարմութեամբ շարունակենք մեր պահանջատիրական երթը, միաժամանակ բարձր գնահատելով մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը, որ արտայայտութիւն գտաւ Ապրիլ 24ին առիթով տեղի ունեցած բազմապիսի նախաձեռնութիւններուն մասնակցութեամբ: