Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան Նշանակուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ

Ուրախ ենք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ու մասնաւորաբար Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծխական համայնքին, որ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով եւ Խառն Ժողովի որոշումով, Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան նշանակուած է Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։

Տ. Արսէն Քահանայ Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի առաքելութիւնը պիտի ստանձնէ 13 Յունուար 2019-ին։ Նշենք, որ ան աւելի քան հինգ տարի՝ Նոյեմբեր 2013-էն մինչեւ Օգոստոս 2018 հոգեւոր հովիւն էր Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ։

Ս. Պատարագին պիտի հանդիսապետէ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, որ ժողովականութեան ու ծխական համայնքին պիտի ներկայացնէ նոր հոգեւոր հովիւը։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու Ս. Պատարագին, լսելու Տէր Հօր քարոզն ու ստանալու անոր օրհնութիւնը։

Բարի երթ կը մաղթենք Տ. Արսէն Քահանային՝ իր ծառայական առաքելութեան նոր դաշտին մէջ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022