Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցչական Կազմերու Միօրեայ Սեմինար


Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Թեմիս Կիրակնօրեայ Վարժարաններու վերահսկող մարմնի, Շաբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2016-ին, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ Մշակոյթի Ամսուան նուրիուած Կիրակնօրեայ Վարժարաններու ուսուցչական կազմերու միօրեայ սեմինար մը։

Հաւաքը սկիզբ առաւ «Կիրակամտից» ժամերգութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, մասնակցութեամբ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու աւելի քան 40 ներկայացուցիչներու։ Ժամերգութեան աւարտին, Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Տեսուչ եւ կազմակերպիչ մարմնի համա-ատենապետ՝ Տիար Ռաֆֆի Թորոսեան ընթերցեց օրուան Աւետարանական հատուածը (Յովհ. 16:33) ու կատարեց հոգեւոր խորհրդածութիւն։

Կիրակնօրեայի քայլերգի երգեցողութեամբ սեմինարին բացումը կատարուեցաւ «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ. բացման եւ բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի Տեսուչ եւ կազմակերպիչ մարմնի համա-ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ջաղացպանեան, որ ծանօթացուց մասնակիցներն ու խօսեցաւ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու իրավիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին։ Ապա, ներկաները ունեցան սիրոյ ճաշի մտերմիկ պահ մը։

Առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, նիւթ ունենալով՝ «Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ուղղափառ Դաւանանքը». Ան սպառիչ կերպով ներկայացուց Տիեզերական երեք ժողովներն ու Նիկիոյ հաւատոյ հանգանակը։ Երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Բրշ. Քրիստափոր Սրկ. Միքայէլեան, որ ներկայացուց «Թարգմանչաց սերունդն ու անոնց հոգեւոր ու մշակութային աւանդը»։ Ապա, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան կատարեց «Ս. Թարգմանչաց» կանոնէն «Որք Զարդարեցին» շարականի ուսուցումը։

Այնուհետեւ, փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան, առաջին հերթին գնահատեց Կիրակնօրեայ Վարժարաններու ծաւալած բազմերախտ գործունէութիւնը ի խնդիր քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան։ Ապա, յորդորեց ներկաները ըլլալու հաղորդական ժամանակի պահանջքներուն եւ այդ ձեւով նոր եռանդով եւ վերապատրաստուած ոյժերով դաստիարակել նոր սերունդը, ինչպէս որ կատարեց Մեսրոպ Մաշտոց դարեր առաջ։ «Նախ մենք խստապահաnջ պէտք է ըլլանք մեր անձերուն, կոչումին ու ծառայութեան նկատմամբ։ Ինչպէս որ մեր նախնիները Աստուծոյ սէրն ու իմաստութիւնը սերմանած են մեր հոգիներուն մէջ, նոյն կերպ մենք ալ պէտք է սերմանենք նորահաս սերունդներու սրտին մէջ, սակայն նոր աւիւնով եւ վերանորոգ հոգիով» շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Սեմինարը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022