Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձը։
Այս առիթով, Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ի յետմիջօրէին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեանի ու հոգաբարձութեան, եւ պատուոյ նախագահութեամբ եկեղեցւոյ օծման կնքահայր Տիար Վահէ Կարապետեանի, ծխական շրջանի բազմավաստակ ծառայողներէն Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ իր ազնիւ Տիկինը Մարալը իրենց բնակարանին մէջ հիւրընկալեցին տօնական ընդունելութիւն մը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանն։ Ներկայ էին Կեդր. վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, Հ.Յ.Դ.ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան, Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ խորանի բարերար Տէր եւ Տիկին Յակոբ եւ Հայկուհի Տաղլեան, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի Տնօրէնուհի Դոկտ. Ալինէ Դուրեան, քոյր եւ հայրենակցական միութեանց ներկայացուցիչներ, անցեալի եւ ներկայի ազգային երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ, Տիկնանց միութեան անդամներ, եկեղեցւոյ ծառայողներ, բարերարներ եւ բարեկամներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավարը՝ Տիկին Թամար Թիւֆէնքճեան-Սերայտարեան։ Ան ողջունեց ներկաներն ու հակիրճ ակնարկով մը վեր առաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ դերն ու տեղը հայ իրականութեան մէջ։
Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանէն աշակերտներ հանդէս եկան գեղարուեստական յայտագիրով. անոնք ասմունքով ու հայրենասիրական երգերով համակեցին ներկաները։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հիւրընկալը՝ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան։ Ան շնորհաւորեց ու գնահատեց այն բոլոր նուիրեալները, որոնք նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ սատար հանդիսացած են եկեղեցւոյ պայծառութեան ու շինութեան։
Տէր Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ ողջունեց ներկաները, եկեղեցւոյ ծառայող մարմիններու եւ շրջանի քոյր միութեանց ներկայացուցիչները, բարերարներն ու բարեկամները, ապա, ակնարկով մը լոյսի տակ բերաւ եկեղեցւոյ 40 տարիներու վաստակն ու մատուցած հոգեւոր ծառայութիւնը, գնահատելով բոլոր նուիրեալներն ու անխոնջ ծառայողները։
Նկատի ունենալով որ նոյն օրը ՀՕՄ-ի Մոնթեպելլոյի «Նայիրի» մասնաճիւղը պիտի տօնէր իր հիմնադրութեան 50-ամեակը եւ Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ պիտի գտնուէր տօնակատարութեան, ուստի մեկնելէ առաջ փոխանցեց իր շնորհաւորական ու գնահատանքի պատգամը։ Ան յիշեցուց, որ նոյն օրը Ս. Խաչի Երեւման տօնն է, եւ նշեց, որ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ Ս. Խաչին ապաւինած է, անկէ ներշնչում առած ու անով առաջնորդուած է։ Ան շեշտեց, որ այս տարեդարձը առիթ է, որպէսզի բոլորս մեր ծառայական կեանքին մէջ հաւատարմութեամբ, հաւատքի առաքելութեամբ եւ հաւատաւոր ուղեկցութեամբ զօրանանք ու վերանորոգուինք. ամեակները ոչինչ են, եթէ չապաւինինք Աստուծոյ։ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամը խտացուց չորս կէտերու մէջ։ Առաջին՝ հաւատարմութիւն Աստուծոյ, մեր ծառայական կեանքի կիզակէտը դարձնելով համեստութիւնը, սէրը, նախանձախնդրութիւնն ու նուիրումը։ Երկրորդ՝ երախտագիտութիւն անցեալի երախտաւորներուն, որոնք ծառայեցին հաւատքով, յոյսով, սիրով եւ գիտակցութեամբ։ Երրորդ՝ ներկայի ձեռքբերումներով ուրախանալ, որ արդիւնքն է անսակարկ եւ ազնիւ ծառայողներու վաստակին, եւ չորրորդ՝ հաւատք ապագայի հանդէպ, այն վստահութեամբ, որ նոյն յանձնառութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակենք մեր երթը դէպի պայծառ ապագայ։ Ան իր պատգամը եզրափակեց անգամ մը եւս շնորհաւորելով ու գնահատելով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքն ու բոլոր անոնք՝ որոնք նպաստած են եկեղեցւոյ պայծառացման ու շինութեան օրհնեալ գործին։
Սրտի խօսք մը արտասանեց Տիար Վահէ Կարապետեան եւ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները, կոչ ուղղելով ընդմիշտ նեցուկ կանգնելու այս եկեղեցւոյ։
Փակման խօսքը արտասանեց Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ան ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր առաքելութիւնը քրիստոնէական հաւատքի ու ազգային դիմագիծի պահպանման իմաստով, եւ նշեց, որ Հայ Եկեղեցին, քրիստոնէական հոգեւոր ապրումներու կեդրոն ըլլալու կողքին՝ մշակութային ու զարթօնքի կեդրոն է։ «Ուր որ գմբէթ կայ, այնտեղ հայ ազգը հզօր է», նշեց ան։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ 40-ամեակի կարկանդակի հատում։
Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ Թորգոմ Սրբազանի «Պահպանիչ»ով։