Թեմիս Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Ուսուցչական Կազմերու Միօրեայ Համագումար Ազգ. Առաջնորդարանին Մէջ


Շաբաթ, 24 Յունուար 2015-ին, առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ, Ազգային Առաջնորդարանի “Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներուն Կիրակնօրեայ Վարժարաններու ուսուցչական միօրեայ համագումարը, որ նախաձեռնութիւնն էր մեր Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Վարիչ Մարմինին։ Համագումարը կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Մասնակցեցան ծխական շրջաններու Հոգեւոր Հովիւները եւ աւելի քան 50 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ։

Համագումարը սկսաւ Արեւագալի Ժամերգութեամբ, “Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն” մատուռին մէջ, ապա մասնակիցները անցան սրահը, ուր համագումարը ընթացք առաւ: Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վարիչ Մարմինի ատենապետ Տիար Րաֆֆի Թորոսեան, որ կը վարէր համագումարը, հրաւիրեց համա-ատենապետ Տիար Տիար Յակոբ Ջաղացպանեանը, որպէսզի արտասանէ բարի գալուստի խօսքը։

Տիար Յակոբ Ջաղացպանեան յիշեցուց թէ 2014-15 ուսումնական տարեշրջանը կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու հիմնադրութեան 85ամեակին։ “Եթէ կ’ուզենք որ հայ ազգը յարատեւէ, պէտք է ջանանք հասցնել մաքուր նկարագիրի տէր սերունդ մը։ Այլապէս, դատապարտուած պիտի ըլլանք ուծացման եւ առ յաւէտ կորսուելու։ Մեր պարագային, մաքուր նկարագիրը կրնայ կերտուիլ միայն քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ հայեցի կրթութեամբ”, շեշտեց ան։

Տիար Ր. Թորոսեանը հրաւիրեց Հոգշ. Տ. Պօղոս Աբղ. Թինքճեանը, որպէսզի ներկայացնէ օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը, մեկնելով Յիսուսի ջուրին վրայէն քալելու աւետարանական դրուագէն (Մտ. 14։22-34)։ Հայր Սուրբը պարզելէ ետք կարգ մը եզրեր, բացատրեց օրուան պատգամը՝ ուղղուած եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն եւ յատուկ պատգամը՝ Կիրակնօրեային, ըսելով թէ առաքեալներուն նման նաւու մը մէջ ընթացող Կիրակնօրեայի աշակերտութիւնը միշտ պիտի ունենայ ալեկոծութիւններ, պիտի փորձէ նաւարկել, երբեմն նաեւ պիտի սարսափի ալիքներու ահաւորութենէն, սակայն ուսուցիչն ու ուսուցչուհին պիտի ունենան Պետրոս առաքեալին ձեռքը բռնող ու ընկղմելէ ազատող Փրկիչ Քրիստոսի դերակատարութիւնը։

Ճաշի դադարէն ետք, Տիար Թորոսեան հրաւիրեց երկրորդ զեկուցաբերը՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանը, որ ներկայացուց օրուան յատուկ տօնին՝ “Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական ժողով”ին իմաստն ու կարեւորութիւնը Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ դաւանանքին մէջ։ Տէր Հայրը նշեց, որ Կ. Պ. Տիեզերական ժողովը Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ընդունած երեք տիեզերական ժողովներէն մէկն է, ուր որդեգրուած է Ս.
buy furosemide online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/furosemide.html no prescription

Հոգւոյ Աստուածութիւնը՝ ի դէմ հերետիկոսներու քարոզչութիւններուն։ Տէր Հայրը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Հայաստանեայց եկեղեցին ազգային եկեղեցի է, հետեւաբար, Կիրակնօրեայ Վարժարանը ազգային նկարագիր ունի, իսկ Կիրակնօրեայի ուսուցիչը կը գործէ հետեւեալ սկզբունքով. “Ինչ որ առած եմ իմ ազգէս, պատրաստ եմ զայն վերադարձնելու անսակարկօրէն, որովհետեւ անոր մէջ օրհնութիւն կայ”: Ան շեշտեց որ Կիրակնօրեայ Վարժարանի ուսուցիչին պարտականութիւնն է կրօնական եւ ազգային նկարագիր դրոշմել մանուկին հոգիին մէջ:

Տիար Թորոսեան այնուհետեւ հրաւիրեց Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Շաննագեանը, որպէսզի ներկայացնէ “Օգտագործել համացանցի աղբիւրներ, որոնք օգտակար են մեր Կիրակնօրեայ Վարժարաններուն” նիւթը։ Խաչիկ Սարկաւագը նշեց, որ համացանցը կարեւոր դաշտ մըն է եւ կրնայ մեծապէս օգտակար ըլլալ ուսուցիչին աշխատանքներուն, բայց պէտք է զգոյշ ըլլալ, որպէսզի չտարուինք օտարոտի դաւանանքներ քարոզող աղբիւրներէ, այլ մնանք հաւատարիմ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ դաւանանքին եւ ուսուցումներուն։ Խաչիկ Սրկ. ներկաներուն տրամադրեց համացանցի օգտագործելի կայքէջերու ցանկ մը։

Օր. Զեփիւռ Յովհաննէսեան բացատրութիւն տուաւ Տեառնընդառաջի մասին, ապա ծանրացաւ մանուկի մը մտային դաստիարակութեան կարեւորութեան վրայ: Ան եւս շեշտեց որ պէտք է օգտագործել հայկական, ազգային եւ եկեղեցական սկզբունք ունեցող աղբիւրներ (գիրքեր, մանրանկարչութիւն եւ խաղեր)։

Տիար Թորոսեան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որպէսզի ներկայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն լուսաբանութիւն տայ Ցեղասպանութեան 100ամեակի եւ 1.5 միլիոն նահատակներու սրբադասման մասին։ Սրբազան Հայրը, որ անդամ է Սրբադասութեան Յանձնախումբին, փոխանցեց որ Ս. Էջմիածինի մէջ Նոյեմբերին կայացած Հայց. Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը որդեգրեց Սրբադասման որոշումն ու արարողակարգը, որոնց հիմամբ, 23 Ապրիլ 2015-ին տեղի պիտի ունենայ սրբադասման արարողութիւնը Հայաստանի մէջ։

Սրբազան Հայրը հակիրճ կերպով բացատրեց, թէ ինչպէ՞ս ընդհանրական եկեղեցին իր սուրբերը կը հռչակէր, ի՞նչ պայմաններ անհրաժեշտ են, որպէսզի եկեղեցին մէկը սուրբ հռչակէ, եւ ի՞նչ ձեւով սրբադասումը կը կատարուի մեր եկեղեցւոյ մէջ: Ան յիշեց թէ Ցեղասպանութեան նահատակները հաւաքաբար սուրբ պիտի հռչակուին, որովհետեւ հաւատքի ու ազգութեան համար նահատակուեցան, կրօնափոխութեան ընտրութիւնը ունենալով հանդերձ, անոնք ընտրեցին նահատակուիլ իրենց կրօնքին ու ազգային պատկանելիութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց նաեւ որ հետագային, հաւաքական սրբադասման կողքին, պիտի կատարուին անհատական եւ խմբային սրբադասումներ, որովհետեւ 15րդ դարէն ի վեր Հայց. Առաք. Եկեղեցին չէ ունեցած սրբադասում։

Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու առաքելութեան եւ ուսուցչական կազմերու նուիրումին մասին խօսելով, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց անոնց կատարած աշխատանքները եւ թելադրեց, որ հաւատքով, նուիրումով ու սերտ գործակցութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։

Սրբազան Հօր “Պահպանիչ”ով, “Կիլիկիա” մաղթերգով եւ Կիրակնօրեայի քայլերգով աւարտեցաւ համագումարը։ Մասնակիցները սրահէն մեկնեցան յուշանուէրներով:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022