Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2015ի յետմիջօրէին ընդունեց այցելութիւնը Հ.Յ.Դ. Սուրիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան ու Վերականգնումի Մարմինի անդամ Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանի, որուն կ’ընկերանար Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Շրջանի Կեդր. Կոմիտէի անդմաներէն Տիար Վահէ Պօզոյեան: Տիար Սարգիսեան այս օրերուն այցելութիւններ կու տայ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան շրջանները, տեղեկութիւններ հաղորդելու համար Հալէպի հայութեան վիճակին մասին:
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, Տիար Ն. Սարգիսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Սուրիոյ ահաւոր տագնապին մէջ բռնուած ժողովուրդին ու մասնաւորաբար հայութեան վիճակուած դժուարին պայմանները, որուն մէջ ստիպուած են գործել մեր դպրոցները, ազգային հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց սփիւռի հայութեան ու մասնաւորաբար մեր Թեմին, որոնք ըստ կարելւոյն օժանդակութեան ձեռք կ’երկարեն Սուրիոյ հայութեան: Ան որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդեց յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցող նպաստաբաշխումին մասին, տրուած ըլլալով, որ այդ քաղաքը վերջին տարիներուն կը կրէ տագնապին ամէնէն ծանր բեռը, հաւաստելով, որ Հալէպ հասնող օժանդակութիւնները կարելի արդարութեամբ կը բաշխուին կարօտեալներուն եւ կարիքաւոր հաստատութեանց, շնորհիւ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին շուրջ համախմբուած կազմակերպութեանց, միութեանց ու յարանուանական միաւորներուն, որոնք կը գործակցին համերաշխութեամբ եւ վտանգաւոր մարտահրաւէրները յաղթահարելու կամքով:
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան Սուրիոյ հայութեան ի նպաստ հանգանակային աշխատանքները, որոնց շարքին՝ Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինին (SARF) կողմէ յառաջիկայ Փետրուար 21ին կազմակերպուած թելեթոնը եւ օժանդակութեան այլ միջոցներ: Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ պատասխանատուներուն ու ժողովուրդին դիմադրականութեան մասին, վերահաստատելով ամբողջական զօրակցութիւն եւ մաղթելով, որ տագնապալի վիճակը շուտով վերջ գտնէ եւ հայութիւնը եւս վերամիանայ երկրի վերականգնումի աշխատանքին: