Տեառնընդառաջի Տօնը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 13 Փետրուար 2022, երեկոյեան ժամը 5-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի ժամերգութիւն եւ նախատօնակի արարողութիւն, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի, Հոգեւորական հայրերու եւ սարկաւագներու: Արարողութեան ներկայ էին բազմահարիւր հաւատացեալներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ:

Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը իր արտասանած պատգամին ընդմէջէն կոչ ուղղեց մասնաւորաբար հայ երիտասարդ ծնողներուն, որ Յովսէփի ու Մարիամի բարի օրինակով իրենց զաւակը կամ զաւակները ընծայեն Աստուծոյ Տաճարին՝ Ս. Եկեղեցւոյ ճամբով: Ապա ան խորհրդածեց լոյս ճշմարտութեան մասին եւ հրաւիրեց բոլոր ներկաները՝ իրենց հոգւոյ է՛ն խորերէն ծագեցնելու լոյս ճշմարիտ Քրիստոսը, որպէսզի մէգն ու մառախուղը ընդմիշտ հեռանան մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքէն, եւ ճնշող մութն ու խաւարը առյաւէտ սպառին աշխարհէն ու բովանդակ տիեզերքէն:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, բազմաթիւ մանուկներ ընծայուեցան Սուրբ խորանին:

Հուսկ, ձեռամբ Թորգոմ Եպիսկոպոսի, շարականներու ու ազգային երգերու հնչիւններուն ներքոյ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը:

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022