Շաբաթ, 29 Սեպտեմբեր 2018-ը յիշատակելի օր մը եղաւ Քոլորատօ նահանգին ու հայութեան համար։ Արդարեւ, նախաձեռնութեամբ նահանգի «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան ու Հայ Դատի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբին, նահանգին մէջ մայրուղի մը ձօնուեցաւ Սարդարապատի հերոսամարտի յիշատակին եւ այսուհետեւ պիտի կրէ «Սարդարապատ» անունը։ Այս նախաձեռնութիւնը կ’իյնայ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-րդ տարեդարձի նշումի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանին, ցուցատախտակի քողազերծման արարողութեան ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան եւ Քոլորատոյի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Վահէ Պերեճիկլեան։ Ներկայ էին Քոլորատօ նահանգէն պետական ներկայացուցիչներ եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ։
Քողազերծումի արարողութիւնը սկսաւ Տ. Արսէն Քահանայի աղօթքով։ Խօսք առին Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տիկին Նորա Յովսէփեան, «Քոլորատոյի Հայեր» կազմակերպութեան նախագահ Տիկին Սօնա Խտըշեան, ամերիկեան խորհրդարանի անդամ Մայք Քոֆմըն, նահանգի ծերակոյտի անդամներէն Տոմինիք Մորենօ, նահանգի ներկայացուցիչներու տան անդամներէն Քոլ Ուիսթ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մայք Սատըրլէնտ։