Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան անցեալ շաբաթ Անթիլիասի մայրավանքէն Լոս Անճելըս վերադարձաւ, եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման արժանանալէ ետք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ։ Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018-ին, ան եպիսկոպոսական իր անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցանեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կեդր. վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, փոխ-ատենապետն ու եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան կնքահայր Տիար Կարօ էշկիան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, շրջանի երեսփոխաններ ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, միութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու բազմութիւն մը։

Նորաօծ Սրբազանը «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի։ Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան, Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան եւ սարկաւագներ։

Քարոզէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ՝ այս գեղեցիկ ու հոգեպարար արարողութեան համար, նշեց, որ Ապրիլի 14 եւ 15-ի շաբաթավերջին, Ազգային Վարչութեան անդամներուն ու մեր Թեմէն Անթիլիասի մայրավանք մեկնած ազգայիներուն հետ ներկայ գտնուած եւ մասնակցած է Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ կատարուած եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման, ուր եպիսկոպոսական կարգին արժանացաւ նաեւ Թեմիս Առաջնորդական փոխանորդը՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։ Ան շնորհաւորեց նորաօծ Թորգոմ Եպիսկոպոսը, մաղթելով, որ Խաչի Երեւման տօնին կենարար խորհուրդով ինք եւս սիրոյ ու զոհողութեան ոգիով զօրանայ, որպէսզի իր կեանքն ու ծառայութիւնը ի սպաս դնէ մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգի շինութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը առողջութիւն, յաջողութիւն, ոյժ եւ կորով մաղթեց Թորգոմ Սրբազանին, աղօթելով առ Աստուած, որպէսզի Տիրոջ այգիին մէջ մնայ մշակ առանց ամօթոյ։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը ողջունեց Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները եւ շնորհաւորեց ու գնահատեց Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեան ամոլը, որոնք յանձն առած էին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան կնքահայրութեան քաղցր պաշտօնը։

Իր պատգամի սկզբնաւորութեան, Թորգոմ Սրբազան առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ զինք արժանի դարձուց եպիսկոպոսական կարգին, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ կը հովանաւորէ ու կը զօրացնէ բոլորին քայլերը՝ համաձայն մարդու հաւատքին։ Ապա, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Վեհափառ Հայրապետին, որուն ձեռամբ արժանացաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ու օծման, որպէսզի նոր որակով ու պատասխանատուութեամբ ծառայական իր կեանքը ի սպաս դնէ եկեղեւոյ ու ազգի բարգաւաճման ու ծաղկման։ Թորգոմ Սրբազան եղբայրական սիրով ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, մաղթելով արեւշատ օրեր ու կենաց խաղաղութիւն։ Ան նաեւ ողջունեց Ազգ. Վարչութեան անդամները, ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանը, փոխ-ատենապետ եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան կնքահայր Տիար Կարօ էշկիանի, Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամները եւ բոլոր անոնք, որոնք սատար հանդիսացան ու աղօթքներով մասնակից եղան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման։

Թորգոմ Սրբազան անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին՝ Երեւման Ս. Խաչի տօնին, աղօթելով, որ Փրկիչին Ս. Խաչը օրհնութիւն դառնայ բոլորին եւ ուղենիշ ծառայութեան ու հաւատքի հզօրացման։ Ան նաեւ նշեց, որ 12 տարի առաջ, այս տօնին կը զուգադիպէր իր կուսակրօն քահանայութեան ձեռնադրութիւնն ու օծումը։ Այնուհետեւ, ան խօսեցաւ քրիստոնէական ճշմարիտ սիրոյ մասին, նշելով, որ «Աստուած սէր է եւ Իր կատարեալ սիրոյն պատճառով ստեղծեց տիեզերքն ու մարդկութիւնը, անոնց շնորհելով սիրելու մեծագոյն պարգեւը։ Աստուած իր էութեամբ սէր է. Ան այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ իր Միածին Որդին զոհեց մարդկութեան համար։ Աստուծոյ սէրը աւելի մեծ է քան մարդկային մեղքն ու չարութիւնը։ Աստուած այնքան սիրեց մեզ, որ արժանացուց Ս. Հոգիին տաճարները ըլլալու պատիւին, իսկ քրիստոնէութիւնը սիրոյ կրօնք է եւ սէրը ամէնէն նուիրական ու յաւիտենական յատկանիշն է, որ քրիստոնեայ մարդը կրնայ ունենալ։ Սէրը կը չէզոքացնէ ամէն տեսակի մեղք ու չարութիւն», նշեց Թորգոմ Սրբազան եւ յորդորեց հաւատացեալները՝ զիրար գերազանցել աստուածային սիրոյ մէջ եւ սիրով տոգորուած ապրիլ ու ծառայել հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգին։

Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ «Արմէնակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն։ Ներկաները շնորհաւորեցին Սրբազանը եւ ստացան անոր օրհնութիւնը։

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022